Հինգ, հարիւր, հազար

Անքուն բուն

Բթամատն ու ճկոյթը

Գայլը, գառնուկը եւ գորտը

Օրը կու գայ

Զարմանալի «է-թէ-չէ» Զաւիկը

Մէկէն տասը

Զատիկ է

Զատկուան խաղ Մեր հաւուկը խատուտիկ է, գոյն գոյն հաւկիթ ածեր է… Այսօր մեզի կարմիր, կանանչ, Զատիկ է… Կարմիր հաւկիթը կը գլորի, կանանչ հաւկիթը կը պտտի… Այսօր մեզի երգով խաղով, կարմիր, կանանչ, Զատիկ է… Մաման չէօրէք թխեր է, պապան փիլաւ եփեր է… Այսօր մեզի համով հոտով, երգով խաղով, կարմիր, կանանչ, Զատիկ է…
Սուրբ Սարգիս

խաղալ փետրուարին, Սուրբ Սարգիսի տօնին Ալնի՜ս բալնիս, հաւատամ Սուրբ Սարգիս, սպիտակ ձի ունիս, անո΄ւնը ըսէ նշանածիս… Սագօ… Սագօ կամ Կարօ… Սագօ, Կարօ… Կարօ կամ Խաչօ… Սագօ, Կարօ, Խաչօ… Խաչօ կամ Մկօ… Սագօ, Կարօ, Խաչօ, Մկօ… Մկօ կամ Պետօ… Սագօ, Կարօ, Խաչօ, Մկօ, Պետօօօօ՜, պըճինկօ΄… յ․գ․ Կարելի է խաղալ նաեւ տարբեր անուններով՝ Ռուբէն… Ռուբէն կամ Գուրգէն… […]
Մայրիկին գրտնակը

տօնական խաղ Մայրիկին գրտնակը կը գլորի, մայրիկին գրտնակը կը գլորի, խմորը տակէն կը փախի, խմորը տակէն կը փախի… Խմորը փախաւ, փախլաւա՜, փեսան կերաւ, փախլաւա՜… Անուշ անուշ, թերթանուշ, անուշ անուշ, հազար անուշ… Մայրիկին գրտնակը կը գլորի, մայրիկին գրտնակը կը գլորի, խմորը տակէն կը փախի, խմորը տակէն կը փախի… Խմորը փախաւ, փախլաւա՜, հարսը կերաւ, փախլաւա՜… Անուշ անուշ, […]