մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Արեւ լուսին աստղ

Բակի խմբային խաղ բոլորին համար Բակի խմբային խաղ բոլորին համար…։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։ Արեւ լուսին աստղ…։ Խումբը կը յառաջանայ երբ լսէ՝ Արեւ լուսին…։ Իսկ երբ լսէ՝ աստղ, պէտք է տեղնուտեղը անշարժանայ, արձան դառնայ…։ Այն երեխան, որ կը շարժի, խաղէն դուրս կու գայ…։ Երբ անշարժանան՝ պէտք է տարբեր ու տարօրինակ կեցուածքներ ունենան…։ Խաղին նպատակն […]

Արագիլին բոյնը

Հաւասարակշռութեան խաղ բոլորին համար…։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։ Խաղալ գարնանամուտին…։ Գարունը Արագիլը…։ Արագիլին բոյնը Արագիլը բոյն շիներ է։ մարդ չի գիտեր ուր դրեր է…։ Աւելորդ կերպասներով պատրաստել արագիլին բոյնը…։ Երեխային մարմինը պիտի ըլլայ իր տունը, իսկ գլուխը՝ ծխնելոյզը… գլխուն վրան՝ արագիլին բոյնը…։ Երեխան, բոյնը գլխուն վրան, պէտք է քալէ ուշադիր, եւ արագիլին բոյնը տեղաւորէ […]

Օձախաղ

Բակի խմբային խաղ՝ երեքէն վեց տարեկաններու համար…։ Խաղալ դպրոցական վերամուտին, կարենալու համար շուտով շարուիլ ետեւ ետեւի, երբ զանգը հնչէ…։ Խաղիկը կը սկսի կրկնելով հանելուկը…։ Այն ո՞վ է… Պարանի պէս երկար է…։ Երեխաները միշտ պէտք է արձագանգեն կրկնելով հանելուկը տող առ տող…։ Շապիկ ունի կարուած չէ, հաւկիթ կ՚ածէ հաւ չէ, ամբողջ աշխարհը կը վախցնէ՛։ Երեխաները երբ […]