Օրիորդ Շուշանիկ

Օրիորդ Շուշանիկ բազմաթի՜ւ շնորհներ, սակայն միայն, միմիայն մէ՛կ երազ ունի՝ վարդագո՛յն երազ մը… Օրիորդ Շուշանիկին վարդագոյն այս երազը արդեօք պիտի իրականանա՞յ… Հարցումին պատասխանը ընթերցողը անշո՛ւշտ պիտի ստանայ, երբ կը հասնի գիրքին աւարտը կամ Համբարձման գիշերը… Գիրքին աւարտը կամ Համբարձման կախարդական այն գիշերը, երբ կը բացուին բոլո՜ր կղպուած դռները…
Պարոն Նիկողոս

Պարոն Նիկողոս՝ փողկապը կապած եւ երկար, փայտէ կոթով, կանանչ հովանոցը բռնած, միայնակ այն ծերունին է, որ օր մը՝ անպայման, պատահաբար պիտի հանդիպի ընթերցողին թաղին մէջ, փողոցին ծայրը կամ աւելի անդին՝ եկեղեցին… Պարոն Նիկողոս իր պարզ ու միօրինակ առօրեայով պիտի փայփայէ ընթերցողը եւ փողկապը կապած, երկար, փայտէ կոթով, կանանչ հովանոցը բռնած, պիտի առաջնորդէ ընթերցողը հին ու […]
Պարոն Սեդրակ

Պարոն Սեդրակ՝ սիրելի այն դերձակը, որ իր առօրեային պա՜րզ դրուագները ասեղ թելով կը թելակարէ, ընթերցողին թելադրելով հին ու համեստ, սակայն թանկագին արժէքներ, արժանիքներ…
կիրակի

ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի՜․ դպրոց, տուն, եկեղեցի՜․ արամիկը շապիկ հագաւ, սարկաւագը ուրախացա՜ւ․ նունիկը պատարագը մտիկ ըրաւ, վարդապետը ուրախացա՜ւ․ պապա՜, պապա՜, տէր տէր պապա․ պապա՜, պապա՜, կաղանդ պապա․ պապա՜, պապա՜, հաճի պապա․ պապա՜, պապա՜, մե՜ծ պապա․ զանգակատունը հո՛ս է, գմբեթը ո՞ւր է․ արամիկը շապիկ կը հագնի եւ շարական կը սորվի․
գլխացաւը

օրիորդ նազիկը ըսաւ․ – ցա՛ւ, ցա՛ւ, գլխացա՛ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, արամիկը ուրախացա՜ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, նունիկը տխրեցա՜ւ․ օրիորդ նազիկը գնաց դեղարան․ դեղարա՜ն, դեղարա՜ն, դեղերը շարա՜ն շարան․
ճաշիկը եւ փորիկը

եկա՜ւ, եկա՜ւ, դգալը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է դանակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, դանակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պնակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պնակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պատառաքաղը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պատառաքաղը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է ճաշիկը»․ պնա՛կ, պնա՛կ, պարա՛պ պնակ․ պնա՛կ, պնա՛կ, լեցո՛ւն պնակ․ փորի՛կ, փորի՛կ, պարա՛պ փորիկ․ փորի՛կ, փորի՛կ, լեցո՛ւն փորիկ․ ուտե՜մ, ուտե՜մ, ի՞նչ […]
ձուկը եւ մուկը

տապա՛կ, տապա՛կ, ծա՛կ տապակ․ ծա՛կ տապակ, տակը կրա՛կ․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ մո՛ւկը, ձո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ ձո՛ւկը ուտեմ, մո՛ւկը նետեմ․ մո՛ւկը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․ մո՛ւկը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ․ ձո՛ւկը նետեմ, մո՛ւկը ուտեմ․ կրա՜կ, կրա՜կ, մաղ մա՜ղ կրակ․ կրա՜կ, կրա՜կ, հար հա՜ր կրակ․ գտի՛ր տապակը, վառէ՛ կրակը, տապկէ՛ հաւկիթը․
պապուկը եւ շողգամը

օր մը պապուկը պարտէզին մէջ ցանեց շողգամ մը․ շողգամը շո՛ւտ աճեցաւ, շա՜տ աճեցաւ, շատ շուտ աճեցաւ, պապուկը տեսաւ զարմացաւ․ պապուկը բռնեց շողգամը, հա՛ քաշեց, քաշքշեց, շողգամը հողէն չհանեց․ պապուկը կանչեց մամիկը․ մամիկը պապուկէն, պապուկը շողգամէն, հա՛ քաշեցին, քաշքշեցին, շողգամը հողէն չհանեցին․ մամիկը կանչեց արամիկը․ արամիկը մամիկէն, մամիկը պապուկէն, պապուկը շողգամէն, հա՛ քաշեցին, քաշքշեցին, շողգամը հողէն […]
երկարակլորախմորածակ

այն ի՞նչ է, ի՞նչ… երկար է, կլոր է, խմոր է, շա՜տ համով է… երկար ա կլոր ա խմոր ա ծակ․ եթէ պոչիկը հո՛ս է, գլուխը հո՛ն է․ եթէ գլուխը հո՛ս է, պոչիկը հո՛ն է․
կաթսային երգը

սմբուկը ըսաւ դդումին․ – դուն դդո՛ւմ ես․ դդումը ըսաւ պղպեղին․ – դուն կծո՛ւ ես․ պղպեղը ըսաւ լոլիկին․ – դուն համո՜վ ես․ սմբուկը եւ դդումը, պղպեղը եւ լոլիկը, մտան կաթսային մէջը․ սմբուկին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի․ կաթսային մէջ, լոլիկի ջուրով եփեցի․ ես անօթի, դուն անօթի, սմբուկը ինծի թէ քեզի․ դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի․ […]