մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սինեմայի հարուստ աշխարհը

Ֆիլմ դիտելը հաճելի ժամանց մըն է։ Իսկ աղուոր ֆիլմ մը դիտելը եւ զայն արժեւորելը, ժամանցին զուգահեռ, աւելի խորունկ փորձառութիւն մը կու տայ։ Աղուոր ֆիլմ մը կարողութիւնը ունի պատմութիւններու ընդմէջէն մեզ տեղափոխել վայրեր, ուր ժամանակներու եւ մշակոյթներու սահմանները գրեթէ գոյութիւն չունին։ Ֆիլմը կը յաջողի արտայայտել միտքեր եւ յուզումներ՝ պատմութիւն մը պատմելու հետաքրքրական հնարքներ առաջարկելով, անոնց յարմար […]