զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան

    Ձեռք ձեռքի
    Մանկապարտէզի ծրագիր
    Ձեռք ձեռքի  2-էն  6  տարեկան երեխաներու ուղղուած` մանկապարտէզի ընդհանուր ծրագիր մըն է։ Հայերէնին բոլոր ծալքերը ընդգրկող հսկայական  այս գանձը, օժտուած

    Ձեռք ձեռքի  2-էն  6  տարեկան երեխաներու ուղղուած` մանկապարտէզի ընդհանուր ծրագիր մըն է։ Հայերէնին բոլոր ծալքերը ընդգրկող հսկայական  այս գանձը, օժտուած է՝ երգ ու կշռոյթով, աւանդական, ժողովրդական, մշակութային եւ համաշխարհային բազմազան գիտելիքներով։ Այս ծրագիրին հետեւելով, երեխաները միեւնոյն ժամանակ կը զարգացնեն երաժշտական, գեղարուեստական եւ լեզուական կարողութիւններ։

    Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու տարիքային չորս մակարդակներու կարիքներուն համապատասխանող եւ արդիական հասկացութեամբ պատրաստուած տարեկան այս ծրագիրը բոլոր բանալիները կը բովանդակէ, որպէսզի կարդալ գրելու տարիքին հասնելէ առաջ՝ մանուկները հաճոյքով եւ բնականօրէն սեփականացնեն արեւմտահայերէնը։ Այսպիսով, անոնք կ՚իւրացնեն հիմնական բոլոր յղացքները, լեզուն կը գործածեն՝ խօսելու, պատմելու, երգելու, խաղալու, մտածելու, ստեղծելու, հնարելու եւ կը տիրապետեն գրելու եւ կարդալու համար անհրաժեշտ նախահիմքերուն։

    Տարիէ տարի ծրագիրին նիւթերը երեխաներէն բխած, անոնցմէ ներշնչուած եւ անոնց հետ ձեւաւորուած աշխարհ մը կը հիւսեն, ուր երեխան ու լեզուն կը շաղուին եւ հայերէնը կը դառնայ բնական, գիտութեամբ եւ ճկունութեամբ հարուստ լեզու մը եւ անոնք իրենց սեփական լեզուն՝ կարդալու եւ գրելու պատրաստ կ՚ըլլան։

    Ինչ որ ալ ըլլայ իրենց տան եւ կամ իրենց երկրին իշխող լեզուն, դպրոցը ամբողջական այս ծրագիրով գունաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, ուր ամէն մէկը մաս կը կազմէ ծրագիրին հրամցուցած պատմութիւններուն, խաղերուն, բառախաղերուն, երաժշտական, զգացական, իմացական աշխարհին։

    Այստեղ տարիքային կարգով լման ծրագիրը ներկայացուած է։ Գիրքերը, աշխատանքային տետրակները, ձայներիզներն ու տեսերիզները, ինչպէս նաեւ ուղեցոյցները քայլ առ քայլ պիտի կարենաք գտնել։

    «Ձեռք ձեռքի» մանկապարտէզի ծրագիրը պատրաստուած է Անահիտ Սարգիսեանի կողմէ, երեխաներու հետ յարատեւ աշխատանքի, փորձի եւ վերամշակումներու վրայ հիմնուելով։ Ծրագիրը կը բաղկանայ չորս զոյգ գիրքերէ, երեք աշխատանքի տետրակներէ եւ խտասալիկներէ։

    «Ձեռք ձեռքի» ծրագիրի գործածութեան համար պատրաստուած են ուղեցոյց տեսերիզներ։ Ստորեւ ներկայացուած ցանկին մէջէն կարելի է հասնիլ ծրագիրի բոլոր բաժիններուն։

    «Ձեռք ձեռքի» ծրագիրը մասամբ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։