զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Ֆրիդրիխ Նիցչէ
    Դերաքրիստոսը

    Մարկ Նշանեան
    Ֆրիդրիխ Նիցչէ՝ վասն ինքնիշխանութեան

    Հեղինակ՝ Ֆրիդրիխ Նիցչէ, Մարկ Նշանեան
    Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան
    Էջերու քանակ՝ 376
    Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ

    Հրատարակութեան թուական`2017

    Դերաքրիստոսը
    Փիլիսոփայական
    *«Պէտք չէ խաբուիլ. “մի՛ դատէք” կ՚ըսեն, բայց բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց ճամբուն վրայ կը գտնուին դժոխք կը ղրկուին։ Երբ Աստուած կը դատէ, իրե՛նք են

    «Պէտք չէ խաբուիլ. “մի՛ դատէք” կ՚ըսեն, բայց բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց ճամբուն վրայ կը գտնուին դժոխք կը ղրկուին։ Երբ Աստուած կը դատէ, իրե՛նք են դատողները. երբ զԱստուած կը փառաբանեն, իրենք զիրե՛նք կը փառաբանեն. երբ ա՛յն առաքինութիւնները կը պահանջեն որոնք պատահմամբ իրենց կարողութիւններու սահմաններուն մէջ են — աւելին՝ որոնք իրենց անհրաժեշտ են, որպէսզի մնան վերնախաւ —, այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն որ առաքինութեան համար կը պայքարին, որպէսզի առաքինութիւնը տիրապետէ»։
    (Ֆրիդրիխ Նիցչէ)

    «Եւ ահաւասիկ հարցումը, որ հետզհետէ աւելի սուր կերպով Նիցչէին առջեւ ցցուած է, անյաղթահարելի հարցում, մտասեւեռում դարձած հարցում, մինչեւ վերջին հետեւանքները. ինչպէ՞ս ազատիլ քրիստոնէութենէն եթէ չդադրինք պատմական էակներ ըլլալէ, եթէ միեւնոյն ատեն չազատինք պատմութենէն։ Բայց մարդ ինչպէ՞ս կ՚ազատի պատմութենէն։ Քրիստոնէութիւնը գլխիվայր ընել, այո՛, այդ էր Նիցչէին նպատակը։ Բայց իր գիտակից գործունէութեան վերջին տարին՝ դանդաղ ու դժնդակ կերպով յստակ դարձած է իր աչքին, որ այդ նպատակին պիտի չհասնէր երբեք եթէ պատմութի՛ւնը գլխիվայր չընէր»։
    (Մարկ Նշանեան)

    Սոյն հատորը մէկ կողքի տակ երկու գիրք կը պարունակէ։ Նախ՝ Ֆրիդրիխ Նիցչէի վերջին գործերէն՝ Դերաքրիստոսը (գերմաներէն՝ Der Antichrist, որ կրնայ նաեւ նշանակել “հակաքրիստոնեան”) գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Որմէ ետքը կու գայ Մարկ Նշանեանի աշխատասիրութիւնը Նիցչէի՝ գիտակից կեանքի վերջին տարիներուն զարգացուցած փիլիսոփայութեան մասին։ Նիցչէն իր այս գիրքը «ուժանիւթ»ի կը նմանցնէր, կ՚ըսէր թէ «տառացի կերպով կը պայթեցնէ մարդկութեան պատմութիւնը, երկուքի կը բաժնէ զայն»։ Նշանեան կը բացատրէ թէ գիտակից կեանքի վերջին տարին՝ Նիցչէ երեք ուղղութեամբ կատարած է իր յարձակումները. արուեստի, քաղաքականութեան եւ կրօնքի, եւ իւրաքանչիւր մարզի մէջ՝ յատուկ թշնամի մը բեմադրած է. Վագներ, Ժան-Ժագ Ռուսոյ եւ Պօղոս առաքեալը։ Վերջաւորութեան ուրեմն՝ որպէս Պօղոս առաքեալին հետ մրցակցութիւն պէտք է կարդալ Դերաքրիստոսը գրիքին գրառումը եւ ընդհանրապէս Նիցչէին հակաքրիստոնէութիւնը։

    1/4