զատած էք՝

Հեղինակ՝ Փայլակ Միքայէլեան
Էջերու քանակ՝ 87
Հրատարակիչ՝ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական՝ 2017
Արեւ, արեւ
Վէպ
«Այս ամէնուն լծակը, բնականօրէն դարձեալ Ոսկին, գերիներ շինեց։ Շղթայեց։ Անօթութիւններ անարգելով, անօթութիւններ սրելով՝ ապականեց։ Ամէն ժամանակէ աւելի։ Այլ բոլոր գծերուն վրայ, ցրուած թէ խումբով, կը վազէին թուղթի ու պարահանդէսներու ուղղութիւնով, կազի մուխով, կառքերու արագութիւնով։ Հասնելու ինչի՞... Խթանն էր շնագին հաճոյքը, վայելքը, յղփացումն ու փառքը...»։
Փայլակ Միքայէլեանի վէպը նախ հրատարակուած է որպէս թերթօն Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ 1932 թուականին, ապա՝ լոյս տեսած է առանձին հատորով՝ «Յառաջ» մատենաշարէն, 1933-ին։ Վէպը կը պատկանի Փարիզի մէջ ծայր տուած սփիւռքահայ գրականութեան առաջին սերունդին, անոր մէջ կայ «ամբողջական նկարագիրը որբերու, մենակեացներու, տնանկներու», ինչպէս կ՚ըսէ նոր հրատարակութեան յառաջաբանը, գրուած բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ։
«Արե՜ւ, արեւ» մաս կը կազմէ «Սփիւռք» մատենաշարին, որ մասամբ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
- տեսնել
- գտնել


Կապ հաստատել հրատարակիչին հետ՝ actualusartus@gmail.com