զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Տեւողութիւն՝ 59 վայրկեան
    Հեղինակ՝ Վիրճինիա Քերովբեան եւ Արամ Քերովբեան
    Գիրքի նկարներ՝ Մարալ Քերովբեան
    Հրատարակիչ՝ Ակն
    Հրատարակութեան թուական` 2016

    Րուրի
    Խտասալիկ-գիրք
    *«Րուրի կ՚ըսեմ՝ դու մեծընաս, Րուրի, րուրի, լօ, րուրի, րուրի Պտիկ ես՝ բարով մեծընաս, ... Րուրի, րուրի, լօ, րուրի, րուրի Բարով մեծնաս՝ բախտդ բ

    «Րուրի կ՚ըսեմ՝ դու մեծընաս,
    Րուրի, րուրի, լօ, րուրի, րուրի
    Պտիկ ես՝ բարով մեծընաս,
    ...
    Րուրի, րուրի, լօ, րուրի, րուրի
    Բարով մեծնաս՝ բախտդ բարի…
    Ուրախ ապրիս հարիւր տարի…»։

    Րուրի խտասալիկը իր ութ օրօրներով ունկնդիրները կը հրաւիրէ լոյսերը թեթեւցնելու եւ անցնելու այս մեղեդիներուն գիրկը։ Ժողովրդական օրօրները թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ երեխաներուն համար պիտի ըլլան փրկութիւն առօրեայ աղմուկէն եւ տաղտուկէն։

    Օրօրները կու գան զանազան վայրերէ՝ Ակն, Արմտան, Էվերեկ, Բինկէն, եւ այլ գիւղերէ եւ քաղաքներէ, ուրեմն իրենց հետ նաեւ այս վայրերուն բարբառները կու գան 21-րդ դար եւ կը մտնեն ունկնդրողներուն տուներէն ներս, կ՚առնեն նոր կեանք։

    «Րուրի» գիրքը պիտի օգնէ հետեւելու երգերու խօսքերուն, ուր կարելի է գտնել նաեւ անոնց ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւնները։

    «Րուրի» օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։