զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Լիբանանի մէջ ուսուցիչներու վերորակաւորման ծրագիր 2021-2023
    Կրթական ծրագիր
    Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը եւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանը (LAU) կը գործակցին հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով

    Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը եւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանը (LAU) կը գործակցին հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու վերորակաւորման համար։

    Ծրագիրը մաս կը կազմէ 2019-ին Հիմնարկութեան կողմէ Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութեան եւ նպատակն է քաջալերել նորարար մանկավարժական մօտեցումներն ու քննադատական մտածողութիւնը։

    Յայտագիրը պատրաստուած է Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի կրթական բաժանմունքին կողմէ եւ կ՚ընդգրկէ երկու տարուան վրայ երկարող դասընթացք մը, տեսական եւ գործնական բաղադրիչներով։ Դասաւանդուող նիւթերէն կարելի է նշել հետեւեալները՝ դասաւանդման եղանակներ, մանկավարժական տեսաբանութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, յատուկ կրթութիւն եւ ուսումնառութեան ընթացքի գնահատում։ Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ ծաւալուն կիրառական բաժին մը, որ պիտի քաջալերէ ուսուցիչները, որպէսզի իրենց նորայայտ գիտութիւնը կիրարկեն դասարաններէն ներս։

    Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղուած գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

    Ծրագիրը հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։