զատած էք՝

Հանելուկ
Ուղտը
Խաղ
*Հանելուկներուն պոչը երկար է…։
Կարելի է ստեղծել ու խաղալ
բոլոր կենդանիներուն համար…։
Կրկնել`*
Գոց սնտուկ,
բաց սնտուկ,
մէջէն ելաւ հանելուկ…։
Այն ո՞վ
Հանելուկներուն պոչը երկար է…։
Կարելի է ստեղծել ու խաղալ
բոլոր կենդանիներուն համար…։
Կրկնել`
Գոց սնտուկ,
բաց սնտուկ,
մէջէն ելաւ հանելուկ…։
Այն ո՞վ է…։
Ամեն տեղը ծուռիկ մուռիկ,
կը քալէ կուզիկ մուզիկ…։
Ձայնողը
յաջորդաբար կու տայ
մարմնին տարբեր մասերուն անունները`
վիզը ծուռ է
ուսը, թեւը,
ոտքը, մէջքը, քիթը, պոչը…։
Իսկ խաղացողները
պէտք է շուտով ծռեն
մարմնին այն մասը`
վիզը, ուսը, թեւը,
ոտքը, մէջքը, քիթը, պոչը…։
Ծուռիկ մուռիկ կը քալէ
Երբ արդէն ծիծաղելի վիճակ մը ստացած են,
բոլորը ծուռիկ մուռիկ կը քալեն…։
Ձայնողը կը հարցնէ`
Ուղտիկ, ուղտիկ,
վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է…։
Բոլորը խնդալով կը պատասխանեն`
Ինչու ո՞ր տեղս շիտակ է…։
Ու կը շարունակեն ծուռիկ մուռիկ քալել…։
«Ուղտը» մաս կը կազմէ Խաղ ու մաղ շարքին։