զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հաւասարակշռութեան խաղ բոլորին համար

    Արագիլին բոյնը
    Խաղ
    *Հաւասարակշռութեան խաղ բոլորին համար...։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։ Խաղալ գարնանամուտին…։* Գարունը Արագիլը...։ Արագիլին բոյնը Արագիլը բոյն շիներ

    Հաւասարակշռութեան խաղ
    բոլորին համար...։
    Մեծէն պզտիկ
    կամ պզտիկէն մեծ…։
    Խաղալ գարնանամուտին…։

    Գարունը
    Արագիլը...։
    Արագիլին բոյնը
    Արագիլը բոյն շիներ է։
    մարդ չի գիտեր ուր դրեր է…։

    Աւելորդ կերպասներով
    պատրաստել արագիլին բոյնը…։

    Երեխային մարմինը
    պիտի ըլլայ իր տունը,
    իսկ գլուխը՝ ծխնելոյզը…
    գլխուն վրան՝ արագիլին բոյնը…։

    Երեխան,
    բոյնը գլխուն վրան,
    պէտք է քալէ ուշադիր,
    եւ արագիլին բոյնը տեղաւորէ
    դրացիին ծխնելոյզին վրան…։

    Հետզհետէ աւելցնել բոյները,
    գլխուն վրան,
    մէկը միւսին վրան,
    բարդացնելով խաղը…։

    Վերջապէս
    երբ բազմաթիւ բոյներով դժուար է քալելը,
    արագիլը պէտք է կանգնի
    մէկ ոտքին վրան…։

    Այս խաղով
    երեխան պիտի քալէ
    կռնակը շիտակ,
    հանդարտ,
    կեդրոնացած…
    թագաւորի կամ թագուհիի նման…։

    «Արագիլին բոյնը» մաս կը կազմէ Խաղ ու մաղ շարքին։