զատած էք՝

Հեղինակ՝ Հայնց Եանիշ
Նկարազարդող՝ Վոլֆ Էրլպրուխ
Թարգմանիչ՝ Սեւան Տէյիրմենճեան
Էջերու քանակ՝ 48
Հրատարակիչ՝ Հիփփօ
Հրատարակութեան թուական` 2021
Թագաւորն ու Ծովը
Մանկապատանեկան վիպակ
«Ծածկոց մը կ՚ուզեմ», ըսաւ թագաւորը։
«Անմիջապէս։ Իսկոյն։ Եւ… թող գեղեցիկ ըլլայ»։
Յանկարծ սկսաւ ձիւն տեղալ։
Ձիւնը տեղաց մեծ ու սպիտակ փաթիլներով։
«Ահա՛ ծածկուէ», ըսաւ երկինքը՝ երկրին վրայ փռելով փայլ մը։
«Շնորհակալ եմ», ըսաւ թագաւորը զարմանքով։
Թագաւորի մը հանդիպումը ծովուն, շուքին, անձրեւին, ամպին, գիշերուան եւ երկնքին, ուրուականին, ծառին եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկաներու հետ…։ Երբեմն ինքզինքը տկար զգալուն՝ բարկացող, երբեմն՝ իր ուժին զարմացող, երբեմն ալ՝ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։
Գիրքը մաս կը կազմէ Հիփփօ հրատարակչատան մանկական գիրքերու շարքին։
- տեսնել
- գտնել



Հրատարակիչին կայքէջը՝ hippokitap.com/hy/ir/teakavewrn-u-dzwvie