զատած էք՝

Էջերու քանակ՝ 318
Հեղինակ՝ Յարութիւն Քիւրքճեան
Հայ կեանք եւ գրականութիւն Բ. գիրք
Երկրորդականի դասագիրք
«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» երկրորդ հատորը կը բովանդակէ շարքի Բ. եւ Գ. գիրքերը (11րդ եւ 12րդ կարգերուն համար նախատեսուած)։ Ան կը պահէ շարքի հիմնական առաջադրանքները՝ պատշաճեցում մշակութային կրթական նոր պայմաններուն եւ համակարգերուն, հայ գրականութեան ընկալում որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելի։
Բ. Գիրքը կը հետեւի հայ նոր գրականութեան ընթացքին՝ սկիզբէն մինչեւ կենդանի այսօրը, նախորդէն աւելի լայն ընդգրկումով, բայց խուսափելով ծանրացումէ։ Հատուածները, միշտ համառօտ եւ կուռ, ընտրուած ու դասաւորուած են ըստ գրական յատկանիշներու ու կը մնան դասաւանդումի եւ գեղագիտական ճաշակի մշակման հիմնական գործիքներ։
Գ. Գիրքը (հատորի վերջին մասը), կազմուած 12րդ կարգի յատուկ պայմաններու նկատառումով, կ՚ընդգրկէ անջատ գործեր, որոնք կը քննարկուին աւելի բազմակողմանիօրէն։
- Ամէն մէկ հատուածի համար ունինք գլուխը բացող էջերը, հատուածը ներածող պարբերութիւնները, շրջանակեալ «Փաստաթուղթեր»ը, «Վկայութիւններ»ը, որոնք կը պարփակեն գրապատմական նիւթերը։
- «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները կը բերեն գրականութեան տեսութեան նախատարրեր։
- «Կամուրջներ… Կապեր» մասը ակնարկ մը կը նետէ հայ գրականութեան կապերուն օտար գրականութիւններու հետ, նաեւ՝ հայ գեղարուեստի այլ ճիւղերու հետ։
- «Քարտարան» բաժինը կը բերէ նմոյշ-հատուածներ գրադատական-փորձագրական երկերէ։
Անջատաբար տրամադրելի են դասագիրքերուն մանրամասն ուղեցոյցները, նաեւ անոնց եռալեզու բառարանները (հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն)։ Այս վերջին գործիքը, միացած վերոնշեալ քանի մը էական յատկանիշներու, «Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը դարձնէ նոյնպէս լիովին մատչելի արեւմտեան Սփիւռքի վարժարաններուն։
- գտնել
Կապ հաստատել հեղինակին հետ՝ kurkjian@otenet.gr