զատած էք՝

Էջերու քանակ՝ 326
Հեղինակ՝ Յարութիւն Քիւրքճեան
Հայ կեանք եւ գրականութիւն Ա. գիրք
Երկրորդականի դասագիրք
Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։
Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի հայկական կեանքը։
- Ամէն մէկ հատուածի համար ունինք հետեւեալ տեղեկութիւնները՝ գլուխը բացող էջերը, հատուածը ներածող պարբերութիւնները, շրջանակեալ «Փաստաթուղթեր»ը, «Վկայութիւններ»ը եւն։ Ասոնք կը պարփակեն գրապատմական նիւթերը։
- «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները կը բերեն գրականութեան տեսութեան նախատարրեր։
- «Կամուրջներ… Կապեր» մասը ակնարկ մը կը նետէ հայ գրականութեան կապերուն օտար գրականութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հայ գեղարուեստի այլ ճիւղերու հետ։
Դասագիրքերը ունին խաչաձեւ յղումներու համակարգ, ժամանակագրական ցուցանակներ, եւ եզրաբանական բառարան։
Անջատաբար տրամադրելի են դասագիրքերուն մանրամասն ուղեցոյցները, նաեւ անոնց եռալեզու բառարանները (հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն)։ Այս վերջին գործիքը, միացած վերոնշեալ քանի մը էական յատկանիշներու, «Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը դարձնէ նոյնպէս լիովին մատչելի արեւմտեան Սփիւռքի վարժարաններուն։
- գտնել
Կապ հաստատել հեղինակին հետ՝ kurkjian@otenet.gr