զատած էք՝

Տեւողութիւն՝ 1:45 վայրկեան
Հեղինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան
Ձայն՝ Վահան Քերովբեան
Կենսաւորում՝ Մարալ Քերովբեան
Հրատարակիչ՝ Բարեւ Արեւ
Հրատարակութեան թուական՝ 2022
Ցուրտ ձմեռը
Շարժապատկեր
Ցօ է, Ձա է,
ցո՛ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո΄ւրտ է…
Կը մսիմ, կը մսիմ,
գլխարկ չունիմ կը մսիմ`
Հապչի՛…
Ձմեռը ցուրտ է, ցուրտ ձմեռ է։ Խուճկուլուլուն ի՞նչ հագուի, որ չմսի։ Գլխարկ մը եւ թաթպան մը բաւարա՞ր են արդեօք։
«Ցուրտ ձմեռը» մաս կը կազմէ «Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները» շարքին։
Խմբային եւ անհատական անշխատանքներէն լաւագոյնս օգտուելու համար, տեսերիզին խօսքերը տրամադրելի են այստեղ՝
Ցօ է, Ձա է,
ցո՛ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…
Կը մսիմ, կը մսիմ,
գլխարկ չունիմ կը մսիմ՝
հապչի՛…
Ցօ է, Ձա է,
ցո՛ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…
Կը մսիմ, կը մսիմ,
գլխարկ չունիմ,
վզկապ չունիմ կը մսիմ՝
հապչի՛, հապչի՛…
Ցօ է, Ձա է,
ցո՛ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…
Կը մսիմ, կը մսիմ,
գլխարկ չունիմ,
վզկապ չունիմ,
թաթպան չունիմ կը մսիմ՝
հապչի՛, հապչի՛, հապչի՛…
Ցօ է, Ձա է,
ցո՛ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…
Հա… Հաա… Հաաա… Հապչի՛…