զատած էք՝

Տեւողութիւն՝ 1:58 վայրկեան
Հեղինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան
Ձայն՝ Վահան Քերովբեան
Կենսաւորում՝ Մարալ Քերովբեան
Հրատարակիչ՝ Բարեւ Արեւ
Հրատարակութեան թուական` 2021
Ժամադրութիւնը
Շարժապատկեր
ժամադրութիւն ունիմ…
Կանո՞ւխ է…
Կարծեմ շատ կանուխ է
հասկնալու համար
եթէ կանուխ է…
Ո՞ւշ է…
Կարծեմ շատ ուշ է
հասկնալու համար
թէ արդէն ուշ է…
Խուճկուլուլուն այսօր ժամադրութիւն ունէր։ Թէ արդեօք չունէ՞ր։ Մէկը պիտի գա՞յ ժամադրութեան։ Այս եւ նման հարցումներու մէջ կորսուած խեղճ Խուճկուլուլուն կ՚երթայ կու գայ։ Ի՞նչ ընէ հիմա, վաղը ե՞տ գայ ժամադրութեան։
«Երանի» մաս կը կազմէ «Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները» շարքին։
Խմբային եւ անհատական անշխատանքներէն լաւագոյնս օգտուելու համար, տեսերիզին խօսքերը տրամադրելի են այստեղ՝
ժամադրութիւն ունիմ…
Կանո՞ւխ է…
Կարծեմ շատ կանուխ է հասկնալու համար եթէ կանուխ է…
Ո՞ւշ է…
Կարծեմ շատ ուշ է հասկնալու համար թէ արդէն ուշ է…
Մէկը պիտի գա՞ր…
Կարծեմ պիտի գար…
Եթէ պիտի գար, ինչո՞ւ չեկաւ…
Կարծեմ վաղը պիտի գայ…
Մինչեւ վաղը հո՞ս մնամ…
Երթամ, վաղը նորէն կու գամ…
Եթէ վաղն ալ չգայ…
Հելէ վաղը թող ըլլայ…