Պաթոլա կամ Բատոլա

Երկու հազար տասնութին ծնաւ Տարոսիկը։Տարոսիկը՝ափին մէջ ամփոփուող գիրք մը գողտրիկ,որ կ՚ընդգրկէ ամբողջ տարուան տօնական խաղիկները․․․Փոքրիկ գիրքին հետ նաեւ քսակ մը,լի հազարաշէնի փայտիկներով․․․ Երա՛զ մը,որ ամէն մէկ երդիքէ մտնէր Տարոսիկը,ամէն մէկ ընտանիք,գլխուն վրայ ունենար հարազատ հազարաշէն մըու հնչեցնէր մոռցուած կամ լռած,մեր հազար ու մէկ խաղիկները․․․ Տարոսիկը հիւսուեցաւերիտասարդներուն ձայնով եւ ձիրքով։Երիտասարդներ, որոնք մեծցած էին մեր քիթին տակ,իսկ […]
Ձեռք ձեռքի

Ձեռք ձեռքի 2-էն 6 տարեկան երեխաներու ուղղուած` մանկապարտէզի ընդհանուր ծրագիր մըն է։ Հայերէնին բոլոր ծալքերը ընդգրկող հսկայական այս գանձը, օժտուած է՝ երգ ու կշռոյթով, աւանդական, ժողովրդական, մշակութային եւ համաշխարհային բազմազան գիտելիքներով։ Այս ծրագիրին հետեւելով, երեխաները միեւնոյն ժամանակ կը զարգացնեն երաժշտական, գեղարուեստական եւ լեզուական կարողութիւններ։ Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու տարիքային չորս մակարդակներու կարիքներուն համապատասխանող […]
Բառ ու պար

«Բառ ու պար» ծրագիրը 9 խաղերէ բաղկացած շարք մըն է, ուր խաղերը ներկայացուած են տեսերիզներու միջոցաւ։ Շարքը ներշնչուած եւ քաղուած է աւանդական խաղերէ, հիւսուած Անահիտ Սարգիսեանի կողմէ։ Այս խաղերը կարելի է խաղալ խումբով, բացօթեայ կամ սրահի մէջ։ Վարի յղումներուն միջոցաւ կրնաք հասնիլ իւրաքանչիւր խաղի էջին, ուր կարելի է գտնել խաղին տեսերիզը եւ խօսքերը։ «Բառ ու […]
Խաղ ու մաղ

Խաղ ու մաղ ծրագիրը 27 խաղերէ բաղկացած շարք մըն է, ուր խաղերը ներկայացուած են 1-6 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզներու միջոցաւ։ Շարքը ներշնչուած եւ քաղուած է աւանդական խաղերէ, հաւաքող եւ պատրաստողն է Անահիտ Սարգիսեան։ Շարքին խաղերը կը խաղցուին զոյգերով կամ խումբերով։ Խմբային խաղերու պարագային, նախընտրելի է խաղալ բացօթեայ տարածքի վրայ, կամ սրահներու մէջ։ Խաղ ու մաղ շարքը […]
Պատառիկներ

Պատառիկներըխաղիկներ ենկամ շուտասելուկներ,երբեմն երգային,որոնք թերեւս կարենանժպիտով եւ ծիծաղով համեմելփոքրիկներուն,ինչո՞ւ ոչնաեւ մեծերունանմիջական առօրեան։ Ամեն ամիստասներկու պատառիկկապուած եղանակինեւ տօներուն։
Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները

Զարմանալի անուններով կերպարներ են,այս կարճ տեսերիզներուն հերոսները,որոնք երգով ու կատակով կը պատմենպարզ դրուագներ առօրեայ կեանքէն,սակայն յաճախ փիլիսոփայական մօտեցումով։ Զարմանալի անուններով այս հերոսները,կը պատմեն ոչ միայն փոքրիկին,այլ մեծով, պզտիկով, ամբո՛ղջ ընտանիքին…ու ժպիտ մը գաղտուկկը գծագրուի դիտողին դէմքին վրայ… Հեղինակն է Անահիտ Սարգիսեան
Անտիտղոս հերոսներ
Անտիտղոս հերոսներ՝անժամանակ,որոնց կը հանդիպինքմի՛շտ,այստեղկամ այնտեղ՝ամենուրէք,ո՛ւր որ ենք…