զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    21/09/15 — 22/09/15
    21/09/15 — 22/09/15

    Դաստիարակչական նորարարութիւններ՝ 21րդ դարուն արեմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները

    21րդ դարուն, Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդելը կը նշանակէ զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել, թէ՛ տեսական, թէ՛ գործնական։ Հարցերը կը քննարկուին լեզուի իւրացման եւ ուսուցման մասնագէտներուն կողմէ, սակայն այս մարզէն ներս գործող գլխաւոր դերակատարները (ուսուցիչ, տնօրէն) իրենց ամէնօրեայ պարտականութիւններով տարուած, առանձնացած կը մնան ու յաճախ չեն օգտուիր ի յայտ բերուած նորարար մեթոտներէն։ Այս իրավիճակին պատճառներէն մէկն ալ յատկապէս հայերէն լեզուի իւրացման վերաբերող կիրառական հետազօտութիւններու պակասն է։ Սոյն գիտաժողովին նպատակն է մասնագէտներ համախմբել ու անոնց միջեւ երկխօսութիւն մը հրահրել, որպէսզի կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնի դասաւանդման համար այժմէական նախագիծի մը առաջնահերթութիւնները ի յայտ բերել։ Գիտաժողովին մասնակցելու կոչը յայտարարուած էր Ինալքոյի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ եւ բաց էր բոլորին այս (link: https://sites.google.com/site/teachingwesternarmenian/masnakcil text: կայքէջէն)։ Սոյն գիտաժողովը  կազմակերպուած է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ինստիտուտին (ԻՆԱԼՔՕ) եւ Գալուստ Կիւլպէկեան Հիմնարկութեան կողմէ, Անահիտ Տօնապետեանի եւ Անի Կարմիրեանի գլխաւորութեամբ:

    21րդ դարուն, Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդելը կը նշանակէ զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել, թէ՛ տեսական, թէ՛ գործնական։ Հարցերը կը քննարկուին լեզուի իւրացման եւ ուսուցման մասնագէտներուն կողմէ, սակայն այս մարզէն ներս գործող գլխաւոր դերակատարները (ուսուցիչ, տնօրէն) իրենց ամէնօրեայ պարտականութիւններով տարուած, առանձնացած կը մնան ու յաճախ չեն օգտուիր ի յայտ բերուած նորարար մեթոտներէն։ Այս իրավիճակին պատճառներէն մէկն ալ յատկապէս հայերէն լեզուի իւրացման վերաբերող կիրառական հետազօտութիւններու պակասն է։ Սոյն գիտաժողովին նպատակն է մասնագէտներ համախմբել ու անոնց միջեւ երկխօսութիւն մը հրահրել, որպէսզի կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնի դասաւանդման համար այժմէական նախագիծի մը առաջնահերթութիւնները ի յայտ բերել։

    Գիտաժողովին մասնակցելու կոչը յայտարարուած էր Ինալքոյի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ եւ բաց էր բոլորին այս կայքէջէն։

    Սոյն գիտաժողովը  կազմակերպուած է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ինստիտուտին (ԻՆԱԼՔՕ) եւ Գալուստ Կիւլպէկեան Հիմնարկութեան կողմէ, Անահիտ Տօնապետեանի եւ Անի Կարմիրեանի գլխաւորութեամբ: