Ցուրտ ձմեռը

Ցօ է, Ձա է, ցո՜ւրտ ձմեռ է… Ձա է, Ցօ է, ձմեռը ցո՛ւրտ է… Կը մսիմ, կը մսիմ, գլխարկ չունիմ կը մսիմ՝ հապչի՛… Ցօ է, Ձա է, ցո՜ւրտ ձմեռ է… Ձա է, Ցօ է, ձմեռը ցո՛ւրտ է… Կը մսիմ, կը մսիմ, գլխարկ չունիմ, վզկապ չունիմ կը մսիմ՝ հապչի՛, հապչի՛… Ցօ է, Ձա է, ցո՜ւրտ ձմեռ […]
Օրօր

Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն ալ թռչնիկ մը կայ… Աստղ եւ լուսին օրօր կ՚երգեն, օրօր կ՚երգեն ու կ՚օրօրեն… Րուրի րուրի, սիրուն թռչնիկ, անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ… Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն […]
Փաթթուկ

Մէկ երկու, կը մեծնամ… Երեք չորս, կը խաղամ… Հինգ վեց, կը խնդամ… Եօթը ութ, եթէ լամ… Ինը տասը քովդ կու գամ, փաթթո՛ւկ կու տամ… Մէկ երկու, կը մեծնաս… Երեք չորս, կը խաղաս… Հինգ վեց, կը խնդաս… Եօթը ութ, եթէ լաս… Ինը տասը քովս կու գաս, փաթթո՛ւկ կու տաս…
Փիղը

Փիղը փողը, երկա՜ր փողը… Փողը փիղը, հսկա՜յ փիղը… Փչեց փիղը, հսկա՜յ փիղը… Հնչեց փողը, երկա՜ր փողը… Փիղը փողը, փողին ձայնը… Փողը փիղը, փիղին ձայնը… Փիղը փողի ձայն ունի, փողը փիղի ձայն ունի… Փողը փիղի ձայն ունի, փիղը փողի ձայն ունի…
Քանի՞ ձմերուկ

Երկուշաբթի շուկայ գացի, երկու ձմերուկ գնեցի… Մէկ ձմերուկ, երկու ձմերուկ, գլխուս վրայ, իրարու վրայ շարեցի, ուրախ զուարթ տուն տարի… Երեքշաբթի շուկայ գացի, երեք ձմերուկ գնեցի… Մէկ ձմերուկ, երկու ձմերուկ, երեք ձմերուկ, գլխուս վրայ, իրարու վրայ շարեցի, ուրախ զուարթ տուն տարի… Չորեքշաբթի շուկայ գացի, չորս ձմերուկ գնեցի… Մէկ ձմերուկ, երկու ձմերուկ, երեք ձմերուկ, չորս ձմերուկ, գլխուս […]
Քեռի Մինաս – ա

Անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ, Քեռի Մինասը տուն կու գայ, փիլաւ կ’եփէ բրինձ չկայ, վա՜յ… – Ճաղատ Ղուկա՜ս… Երկու գաւաթ բրինձ կու տա՞ս… Կաթսան, բրինձը… Անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ, Քեռի Մինասը տուն կու գայ, փիլաւ կ’եփէ բրինձ կայ, իւղ չկայ, վա՜յ… – Ճաղատ Ղուկա՜ս… Քիչ մը կարագ կու տա՞ս… Կաթսան, բրինձը, կարագը… […]
Քեռի Մինաս բ

Մէկ երկու, Քեռի Մինաս… Երեք չորս, ուրկէ՞ կու գաս… Հինգ վեց, ո՞ւր կ’երթաս… Եօթը ութ, կ’երթաս կու գաս… Ինը տասը, բարե՛ւ կու տաս… Բարե՜ւ, Ճաղատ Ղուկաս… Մէկ երկու, գնաց եկաւ… Երեք չորս, բարեւ տուաւ… Հինգ վեց, օրը անցաւ… Եօթը ութ, գիշեր եղաւ… Ինը տասը, անկողին մտաւ, տասնմէկին քնացաւ, կէս գիշերին երազ տեսաւ, երազին մէջ՝ բարե՛ւ […]
Քեռի Մինաս գ

Մէկ երկու՝ Քեռի Մինաս… Երեք չորս՝ խըռ խըռ կը քնանաս… Հինգ վեց՝ անկողինէն վա՛ր կ’իյնաս, կ’արթննաս… Եօթը ութ՝ դուռը կը բանաս… Ինը տասը՝ վա՛յ, Քեռի Մինաս, առանց տաբատի ո՞ւր կ՚երթաս… Մէկ երկու՝ Քեռի Մինաս… Երեք չորս՝ խըռ խըռ կը քնանաս… Հինգ վեց՝ անկողինէն վա՛ր կ՚իյնաս, կ՚արթննաս, տաբատդ հագնելու չմոռնաս… Եօթը ութ՝ դուռը կը բանաս… Ինը […]
Քիթը եւ պեխը

Քիթին տակը պե՛խ բուսաւ… Քիթը մեծ է, իսկ պեխը բարակ է, բա՛ս բարակ է, ծայրը սուր է, դէպի վե՛ր է… Քիթը պեխը, պեխը քիթը, մեծ քիթով, բարակ պեխով, Պարոն Խաչատուրը… Քիթին տակը պե՛խ բուսաւ… Քիթը մեծ է, իսկ պեխը բարակ է, բա՛ս բարակ է, ծայրը սուր է, դէպի վա՛ր է… Քիթը պեխը, պեխը քիթը, մեծ քիթով, […]
Սուտ աղուէսիկ

Որթատունկը, ողկոյզը… Որթատունկը, ողկոյզը… Աղուէսը մօտեցաւ որթատունկին, աչքը տնկեց ողկոյզին… Անօթի էր աղուէսը, կ’ուզէր ուտել խաղողը… Բարձրացուց թաթիկները, սակայն ողկոյզը ո՜ւր, թաթիկները ո՜ւր, կը չարչարուէր ի զուր… Կեցաւ ոտիկներուն ծայրը, բարձրացուց թաթիկները, սակայն ողկոյզը ո՜ւր, թաթիկները ո՜ւր, կը չարչարուէր ի զուր… Ցատկեց աղուէսը մէկ անգամ, երկու անգամ… Ցատկեց աղուէսը տասը անգամ, քսան անգամ, սակայն ողկոյզը […]