Գորտը գորտին

Գորտը գորտին ձայն կու տայ՝ Կու գամ կոր, կու գամ կոր… Կու գա՞ս կոր, կու գա՞ս կոր… Ե՞րբ, ե՞րբ, ե՞րբ, երբ… Կիրակի օրը, կիրակի օրը… Կիրակի օրը, կիրակի օրը… Կիրակի օրը, գորտը գորտին ձայն կու տայ՝ Կ՚ուտեմ կոր, կ՚ուտեմ կոր… Կ՚ուտե՞ս կոր, կ՚ուտե՞ս կոր… Կէսը կեր, կէսը կեր… Կէսը տուր, կէսը տուր… Բոլո՜ր գորտերը միասին՝ […]
Շերեփը եւ շերեփուկը

Շերեփը՝ երկա՜ր կոթով շերեփը… Ո՛չ, ոչ, շերեփուկը՝ երկա՜ր պոչով շերեփուկը… Շերեփը, ապուրին մէջը, Շերեփուկը ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, չըլըփ չըլըփ… Շարան շարան օրեր անցան՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի, ուրբաթ շաբաթ կիրակի, ե՜ւ… շերեփուկին տոտիկնե՛ր բուսան… Անհաւատալի՛ բան… Տոտիկները, երկար պոչը, շերեփուկը ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, չըլըփ չըլըփ… Շարան շարան օրեր անցան՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի, […]
Արագիլը՜

Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլը բարի՛ եկաւ, արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ… Իշուկին քուռա՛կ բերաւ, կովուկին՝ հորթո՛ւկ, իսկ ձիուկին՝ մտրո՛ւկ… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜… Արագիլը բարի՛ եկաւ, արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ… Ոչխարին գառնո՛ւկ բերաւ, այծուկին՝ ուլի՛կ, ձեզի՝ աղբարիկ, իսկ մեզի՝ քոյրիկ… Գառնուկ աղբարիկ, ուլուլիկ քոյրիկ… Աղբարիկը՝ աղուորիկ, իսկ քոյրիկը՝ քնքոյշիկ, պուպուշիկ, նունուշիկ, […]
Ստեպղինը

Նապաստակը եւ ձիւնամարդը ընկերներ էին, մտերի՜մ ընկերներ… Նապաստակը ձիւնամարդուն շուրջը հո՛փ, հո՛փ կը ցատկէր, հո՛փ, հո՛փ, հո՛փ կը ցատկռտէր, իսկ ձիւնամարդը լո՜ւռ ու անշարժ կը ժպտէ՜ր… Արեւոտ առաւօտ մը՝ նապաստակը երբ իր ծակէն դուրս ելաւ, ապշեցա՜ւ՝ աա՜… զարմացա՜ւ՝ օօօ՜… Աջ դարձաւ, ձախ դարձաւ, մտերիմ ընկերը չգտաւ… Տարօրինակ էր, ձիւնամարդը իր տեղէն բնա՛ւ չէր շարժեր… Արդեօք […]
Փիղին փիւրը

Պարոն փիղը, Տիկին փիղը, Տէր եւ Տիկին փիղերը… Պարոն փիղին փողկապը… Տիկին փիղին փո՛թ, փո՛թ փէշը… Փողկապը, փո՛թ, փո՛թ փէշը, Տէր եւ Տիկին փիղերը…
Մազմազիկը

Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, ի՞նչ պատահեցաւ, ինչպէ՞ս եղաւ, տոտիկ մը փրթաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Մազմազիկը տխրեցաւ, տրտմեցաւ, ցա՜ւ, ցա՜ւ, աշխարհը գլխո՛ւն փլաւ, սակայն ուզէր չուզէր կեանքը պիտի շարունակուէր… Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ժամանակին ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, գլխուն փորձա՛նք մը ինկաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Ժամանակը […]
Գայլախաղ

Ես կը խաղամ անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Դուն կը խաղաս անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… Գայլը` – Գլո΄ւխս արդուկեցիք… Յոգնեցայ աս խաղէն…
Չղջիկը

Մուկերուն թագաւորը տուրք կը հաւաքէր… Ամեն մէկ մուկ վճարած էր, միայն չղջիկը վճարած չէր… Մուկերուն թագաւորը կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը թեւերը ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – Ո՞վ տեսած է թեւերով մուկ… Չէ, չէ, մուկ չեմ, թռչո՛ւն եմ, ինչո՞ւ տուրք վճարեմ… Թռչուններուն թագաւորը անմիջապէս կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը ակռաները ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – […]
Գաղտնիքներ

Լարե՜ր՝ ելեկտրակա՛ն լարեր, լարերուն մէջէն կը հոսին գաղտնիքնե՜ր… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարին թառեցաւ ու բոլո՜ր գաղտնիքները ուշի ուշով մտիկ ըրաւ… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարէն թըռ թռա՜ւ ու բոլոր գաղտնիքները ճնճղուկներուն ըսաւ… Լուսաբացին, ճիւ ճիւ ճնճղուկները բոլո՜ր գաղտնիքները պատմեցին բոլորի՜ն… Եթէ լուսաբացին՝ գլուխդ տակաւին բարձին, ճիւ ճիւ ճնճղուկներուն ականջ տաս, այս աշխարհին բոլո՜ր գաղտնիքները կը գիտնաս…
Չորս ծակով չորս կոճակ

Տաբատս ունի չորս կոճակ, իսկ ամեն մէկ կոճակը ունի չորս ծակ… Չորս ծակով չորս կոճակ, գումարը՝ քանի՞ ծակ… Համրէ՜, մէկ երկու երեք չորս… Հաշուէ՜, չորս եւ չորս, չորս եւ չորս, գումարը՝ չորս հատ չորս… Սեղանին վրայ չորս պնակ, իսկ ամեն մէկ պնակին մէջ չորս կարկանդակ… Չորս կարկանդակով չորս պնակ, գումարը՝ քանի՞ կարկանդակ… Համրէ՜, մէկ երկու […]