Ագռաւին պանիրը

Ագռաւ է, ագռաւ է, սեւ է, կաղ է, բաղաձայն է՝ ղա ղա… Սեւ է, կաղ է, բաղաձայն է՝ ղա ղա… Սեւ ագռաւը պանիր գտաւ, ծառին ճիղին թառեցաւ… Խորամանկ աղուէսը մօտեցաւ, ագռաւին նայեցաւ ու ըսաւ… – Ագռաւիկ, ագռաւիկ, անուշիկ, անուշիկ, երգ մը կ’երգե՞ս, սիրունիկ… Սեւ ագռաւը ուրախացաւ, կտուցը բացաւ՝ ղա, ղա, ղա՜… Ե՜ւ… Կտուցէն ինկաւ պանիրը, […]
Ալին զալին տայ

Հովը ծովը, ոսկի արեւը, մանր աւազը, ալին զալին տայ, ալին զալին տայ… Ծովուն վրայ նաւ մը կայ… Նաւը կայմը առագաստը, հովը ծովը, ոսկի արեւը, մանր աւազը, ալին զալին տայ, ալին զալին տայ… Կայմին վրայ թռչուն մը կայ՝ կուրծքը ճերմակ, թեւերը սեւ, իսկ պոչիկը մկրատաձեւ… Ծիծեռնակը՝ նաւը կայմը առագաստը, հովը ծովը, ոսկի արեւը, մանր աւազը, ալին […]
Աղուէսը

Այն ո՞վ է… Պոչը ծաղիկ է, միտքը ծուռ… Աղուէսը եկաւ մո՜ւթ անտառէն, Օ՜, պըճինկօ… Հաւ մը գողցաւ մեր հաւնոցէն, Օ՜, պըճինկօ… Աղուէսը եկաւ մո՜ւթ անտառէն, Օ՜, պըճինկօ… Հաւ մը գողցաւ ձե՛ր հաւնոցէն, Օ՜, պըճինկօ… Գո՛ղ աղուէսիկ, պոչիկը ծաղիկ… Պոչը ծաղիկ է, միտքը ծուռ…
Ամանոր

Կաթսային մէջ ի՞նչ կ’եփի, չամիչով փիլաւ կ’եփի, Ամանոր է՝ Նոր Տարի, գալը թող ըլլայ բարի… Մեծ հայրիկը պեխ ունի, պեխին տակէն կը ժպտի, Ամանոր է՝ Նոր Տարի, գալը թող ըլլայ բարի… Նոր հեքիաթ մը կը սկսի, կծիկը թող գլորի, Ամանոր է՝ Նոր Տարի, գալը թող ըլլայ բարի… Թոռնիկները աշխարհի թող մեծնան առանց ցաւի, Ամանոր է՝ […]
Վլում

Վլում հարթակ մըն է ելեկտրոնային եւ ձայնային գիրքերու։ Բջիջային հեռաձայնի ծրագիրներու միջոցաւ կարելի է գտնել եւ գնել զանազան հետաքրքրական գիրքեր, անգլերէն, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներով։ Վլում կը ներկայանայ որպէս հսկայական թուային գրադարան մը, որ հասանելի է iOS, ե՛ւ Android համակարգերու վրայ։ Հրատարակիչներու կողմէ տրամադրուած հարիւրաւոր գիրքերու թուային տարբերակները Վլում կը ներկայացնէ ընթերցողներուն։ Վլում ստեղծուած է […]