Մեծ հայրիկին ակնոցը

Չկայ, չկայ ակնոցը, մեծ հայրիկին ակնոցը… Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը այսօրուան օրաթերթը… Տաբատին գրպանը՝ չէ, շապիկին գրպանը՝ չէ, չէ… Չկայ, չկայ ակնոցը, մեծ հայրիկին ակնոցը… Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը այսօրուան օրաթերթը… Տաբատին գրպանը՝ չէ, շապիկին գրպանը՝ չէ, բաճկոնին գրպանը՝ չէ, վերարկուին գրպանը՝ չէ, չէ… Չկայ, չկայ ակնոցը, մեծ հայրիկին ակնոցը… Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը այսօրուան […]
Մեր ամառը

Բարի եկաք՝ ըսաւ ճանճը Տիկին մժեղին… Բարի տեսանք՝ ըսաւ մժեղը Պարոն ճանճին… Ինչպէ՞ս էք… Ձեզ տեսանք, լա՛ւ եղանք, դո՞ւք ինչպէս էք… Լա՛ւ ըսենք որ լա՛ւ ըլլանք… Պարոն ճանճը, Տիկին մժեղը մտերմացան եւ միասին մեր վրան յարձակեցան… Մէկը գիշերը, միւսը ցերեկը, մէկուն քը՛շ քըշ, միւսին փը՛շտ փըշտ… Քը՛շ քըշ, փը՛շտ փըշտ, ահաւասիկ մեր ամառը… Քը՛շ քըշ, […]
Մեր փեսան

Ելանք գացինք շուկայ, գնեցինք սոխ սխտոր, փեսայ մը կ՚ուզենք անունը Գրիգոր… Տղայ անունդ Գրիգոր, բախտաւոր ըլլաս, տուն տեղ ունենաս, երջանիկ ըլլաս… Սոխ սխտոր եւ… Ելանք գացինք շուկայ, գնեցինք լոլիկ, փեսայ մը կ՚ուզենք անունը Անդրանիկ… Անդրանիկ, քաջ Անդրանիկ, բախտաւոր ըլլաս, տուն տեղ ունենաս, երջանիկ ըլլաս… Սոխ սխտոր, լոլիկ եւ… Ելանք գացինք շուկայ, գնեցինք պղպեղ, փեսայ մը […]
Մէկը եւ միւսը

Մէկը ըսաւ՝ ա՛յ, միւսը ըսաւ՝ ո՛ւյ… Մէկը ըսաւ՝ վա՛յ, միւսը ըսաւ՝ վո՛ւյ… ե՛ւ… այ ույ, այ ույ, վայ վույ, վայ վույ, ախ օխ, ախ օխ, սո՜խ… Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր, այ ույ, վայ վույ, ախ օխ, սո՜խ, ա՛յ, սխտոր…
Հտպիտը

Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ նապաստակ… Ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ… Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ կարկանդակ… Ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ, կարկանդակ… Կէս կատակ, կէս շիտակ, հտպիտ մըն եմ խեղկատակ… Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ, մէջէն ելաւ չորս ջութակ… Ծակ գլխարկէն՝ […]
Հրեշտակը

Բարի հրեշտակ եղիր պահապան, հսկէ վրաս երբ քնանամ, երազներու աշխարհը երթամ ու գամ, ուրախ զուարթ արթննամ… Անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ…
Ձմեռ եկաւ

Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, արջուկին քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ գարունը հասաւ… Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ, արջուկը քուն, ես արթուն… Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, կրիային քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ գարունը հասաւ… Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ, արջուկը քուն, կրիան քուն, ես արթուն… Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ, ոզնիին քունը եկաւ… Մշիկ մշիկ քնացաւ, մինչեւ […]
Ձմերուկը, դուն եւ ես

Ձմերուկը քնանալով կը մեծնայ, իսկ դո՞ւն… Գրելո՞վ թէ կարդալով… Կարդալո՛վ… Կարդալո՞վ թէ երգելով… Երգելո՛վ… Երգելո՞վ թէ պարելով… Պարելո՛վ… Պարելո՞վ թէ ուտելով… Ուտելո՛վ… Ուտելո՞վ թէ խմելով… Խմելո՛վ… Խմելո՞վ թէ խաղալով… Խաղալո՛վ… Խաղալո՞վ թէ խնդալով… Խնդալո՛վ… Ձմերուկը քնանալով կը մեծնայ, իսկ ե՞ս… Գրելո՞վ թէ կարդալով… Կարդալո՛վ… Կարդալո՞վ թէ երգելով… Երգելո՛վ… Երգելո՞վ թէ պարելով… Պարելո՛վ… Պարելո՞վ թէ ուտելով… […]
Ճանճին պատմութիւնը

Ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ո՛չ… Ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ըսի ո՛չ… Ըսի ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Մուկի պո՛չ… Մուկի պոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Փը՛շտ փը՛շտ…
Ճիմ ճիկ

Ճկոյթը ըսաւ՝ ճի՛կ… Մատնեմատը ըսաւ՝ ճանիկ… Միջնեմատը ըսաւ՝ ճստիկ… Ցուցամատը ըսաւ՝ ճուտիկ… Բթամատը ըսաւ՝ ճի՛մ ճիկ…