մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Ֆրանսուա Փլաս ծնած է 1957 թուականին Էզանուիլ՝ Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Ան ջրաներկի շատ տաղանդաւոր նկարիչ մըն է, որուն գիրքերուն մէջ գրականութիւնը եւ արուեստը հաւասարապէս ձուլուած են։ Ֆրանսուա Փլասը Ֆրանսայի ամենէն շատ սիրուող մանկական գիրքերու հեղինակներէն մէկն է։ Անոր գիրքերը, որոնք թէ՛ կը գրէ, թէ՛ կը նկարազարդէ ինքը, արժանացած են երկրի մանկական գրականութեան ամենէն հեղինակաւոր […]