իշուկը

այն ո՞վ է․․․ կ՚աշխատի ու կ՚աշխատի, մէկ վայրկեան հանգիստ չունի․ եթէ բեռ չունենայ, քալելը կը մոռնա՜յ․․․ է՜շ, իշո՛ւկ․ իշուկիս, իշուկիս, գլուխը կը ցաւի, իրեն պէտք է գլխարկ մը, յարդէ պզտիկ գլխարկ մը․ իշուկիս, իշուկիս, պոչիկը կը ցաւի, իրեն պէտք է ընկեր մը, հաւատարիմ ընկեր մը․ սո՜խ սխտոր իշուկիս վրայ, սո՜խ սխտոր կը տանիմ շուկայ․ սոխ […]
ուղտը

այն ո՞վ է․․․ ամեն տեղը ծուռիկ մուռիկ, կը քալէ կուզիկ մուզիկ․ ուղտը՝ ծուռիկ մուռիկ, սապատը՝ կուզիկ մուզիկ․․․ ուղտ եմ, ուղտ եմ, ուտեմ, ուտեմ, խմեմ, խմեմ, սապատիս մէջ պահեմ, անապատին մէջ քալեմ․․․ քառասուն օր, քառասուն գիշեր․․․ ուղտին հարցուցին․ « ուղտի՛կ, ուղտի՛կ, վիզդ ինչո՞ւ ծուռիկ մուռիկ է»․ պատասխանեց․ « ինչու ո՞րտեղս շիտակ է »․ սապա՛տ, սապա՛տ, խե՜ղճ […]
շուքը

այն ո՞վ է․․․ ո՛ւր որ երթամ, հե՛տս կու գայ․ շո՛ւք, շո՛ւք, հետս կը քալես անշշուկ․ շո՛ւք, շո՛ւք․ շո՛ւք, շո՛ւք, հետս կը խաղաս պահուըտուք․ շո՛ւք, շո՛ւք․ կարմիր է, չալիկը կը սպասէ՜․ ուշադրութի՛ւն․ կանանչ է, չալիկը ո՞ւր կը վազէ․ շուքին ետեւէն կը վազէ․ ի՞նչ կը կարծես, պիտի բռնէ՞․․․ մատիտդ տաշէ՛ ու զի՛ս հետապնդէ․․․
արեւածաղիկ

այն ո՞վ է․․․ արեւուն կը նայի, արեւուն կը նմանի․ ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ոսկի՛ ծաղիկ, ցերեկը ուրախ արեւածաղիկ․ ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ոսկի՛ ծաղիկ, գիշերը տխուր արեւածաղիկ․ ցերե՞կ է, գիշե՞ր է, արե՞ւ թէ լուսին, գուշակէ՜․․․ ցերե՞կ է, գիշե՞ր է, արե՞ւ թէ լուսին, գուշակէ՜․․․ ծաղի՛կ, առաւել ծաղի՛կ, առաւել ծաղի՛կ, հաւասար է ծաղկեփո՛ւնջ․ արե՛ւ, առաւել ծաղի՛կ, հաւասար է, ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ոսկի՛ […]
ջոփ ջոփիկ

այն ո՞վ է․․․ ճուլո՛ւմբ, ճուլո՛ւմբ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ բադի՛կ, բադի՛կ, կարմիր տոտիկ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ սագի՛կ, սագի՛կ, երկա՜ր վզիկ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ այն ո՞վ է․․․ բադի՞կ է, բադի՞կ է, չէ՛, չէ՛, չէ՛․ սագի՞կ է, սագի՞կ է, չէ՛, չէ՛, չէ՛․ կարապ է, կարապ է․ կարա՛պ, սագի՛կ եւ բադի՛կ, կը լողան հարսի՛կ հարսի՛կ․ ալի՛ք […]
ձուկը մուկը

ձուկը ծո՛վը, մուկը ծա՛կը․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը ծո՛վը, ծա՛կը․ ձուկը ծովէն հանեցի, ալիւրին մէջ թաթխեցի, իւղով միւղով տապկեցի․ ձո՛ւկը ուտեմ, փո՛ւշը նետեմ, փո՛ւշը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․ փո՛ւշը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ, ձո՛ւկը նետեմ, փո՛ւշը ուտեմ․ խաբեցի՜, խաբեցի՜, մուկը ծակէն հանեցի, ալիւրին մէջ թաթխեցի, իւղով միւղով տապկեցի․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը, մէ՛կ տապակ, մո՛ւկը, ձո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ ձո՛ւկը ուտեմ, մո՛ւկը […]
Եկէ՛ք ստեղծագործենք

Հեղինակներու աշխատանոց

Ամենէն կարեւոր հարցումը

Ընթերցողներու աշխատանոց
