մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սփիւռք եւ ինքնացում

Սփիւռքը կը սկսի գրութեամբ մը որ կը կոչուի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով»։ Կը գտնուի այս հատորին կեդրոնին, եւ իր շուրջ՝ տարիներու երկայնքին գրուած ճոխ ընտրանի մը վերլուծական էջերու եւ ուսումնասիրութիւններու – երկու «նոր ծնունդ»ներէ սերող, եւ որ կ՚ընդգրկէ այսօր հարիւր տարուան վրայ երկարած սփիւռքահայ գրականութիւնը…։ Առաջին «Նոր ծնունդ»ը՝ կը ներառէ յետ-եղեռնեան ֆրանսահայ գրագէտներ, երկրորդը՝ Միջին […]

Մերինները

Միջոցային եւ ժամանակային տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը։ «Մերինները…» ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին Պէաթրիսի, Հերիքնազի կամ Ղազարոսի դէմքի արտայայտութիւններով, մտմտումներով, շուքին տակ մնացած անոնց նիստուկացով։

Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը

Պարզ օր մը ինչպէ՞ս կը վերածուի աղուոր օրուան մը։ Կեանքիդ ամենէն աղուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ այդ օրը, երբ անուշ բոյրով ծաղիկ մը կը հոտուըտաս, անձրեւին տակ կը պարես եւ կամ ամպերը զանազան բաներու կը նմանցնես։ Հապա եթէ հեծելանիւէն իյնաս, կրկնեփները փուռին մէջ մոռնաս կամ ընկերոջդ հետ գժտուիս… «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ […]

Անտիտղոս հերոսներ

Անտիտղոս հերոսներ՝ անժամանակ, որոնց կը հանդիպինք մի՛շտ, այստեղ կամ այնտեղ՝ ամենուրէք, ո՛ւր որ ենք…

Թագաւորը եւ թագուհին

Թագաւոր մը, որ պալատին կորսուած բանալին ի զուր փնտռելէ ետք, պիտի հանգուցէ ընթերցողը պալատական այս խաղին… Պալատական խաղ մը, որ կը պատահի ու կը կրկնուի, ամեն ուրբաթ կամ շաբաթ, առաւօտեան կամ երեկոյեան, ժամը եօթին կամ ութին, երբեմն ալ եօթուկէսին… Պալատական ժամով եւ օրացոյցով, այս խաղը անվերջ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ընթերցողը պիտի ստանայ թագաւորին թագը, […]

Կիրակոսը

Կիրակոսը՝ դպրոցին հետ հազար ու մէկ հարց ու հանգոյց, հազար հարց ու մէկ հանգոյց ունեցող աշակերտը… Կիրակոսը՝ ներաշխարհով հարուստ այն տղան, որ ընթերցողը իր հետը պիտի փոխադրէ, դպրոցէն հեռո՜ւ, երեխային մօտիկ, ժպիտով լի մոլորակ մը…

Սիրանուշ

Տնակ մը, ուր նո՛յն օրը կը կրկնուի, նո՛յն ապուրը կ՚եփի, սակայն գիշերը, բի՜ւր երազներ կը հիւսուին… Սիրանուշ՝ երազներու աշխարհը հսկող, մղձաւանջները հեռո՜ւ քշող, գրոց բրոց վհուկը, որ տնակին ժամացոյցին թըխկոցով՝ թը՛խկ չըխկ կշռոյթով, պիտի ներառնէ ընթերցողը անտրամաբանական աշխարհի մը մէջ, անվերջ պտտուող շուրջպարով…

Օրիորդ Շուշանիկ

Օրիորդ Շուշանիկ բազմաթի՜ւ շնորհներ, սակայն միայն, միմիայն մէ՛կ երազ ունի՝ վարդագո՛յն երազ մը… Օրիորդ Շուշանիկին վարդագոյն այս երազը արդեօք պիտի իրականանա՞յ… Հարցումին պատասխանը ընթերցողը անշո՛ւշտ պիտի ստանայ, երբ կը հասնի գիրքին աւարտը կամ Համբարձման գիշերը… Գիրքին աւարտը կամ Համբարձման կախարդական այն գիշերը, երբ կը բացուին բոլո՜ր կղպուած դռները…