մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Խխունջիկը

Տրտում տխուր խխունջիկ կը սողայ լռիկ մնջիկ… Կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, կը սողայ կամաց կամաց… Տրտում տխուր խխունջիկ չունի կօշիկ եւ տոտիկ, կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ…

Ծառ ու խաղ

Մեր տունը պարտէզը, պարտէզին մէջ՝ տանձի ծառը… Մեր պարտէզը տանձի ծառ, տանձի ծառ… Տանձի ծառէն ի՞նչ ինկաւ… Տանձի ծառէն տանձ ինկաւ, բա՛թ… Մեր տունը պարտէզը, պարտէզին մէջ՝ տանձի ծառը եւ ծիրանի ծառը… Մեր պարտէզը ծիրանի ծառ, ծիրանի ծառ… Ծիրանի ծառէն ի՞նչ ինկաւ… Ծիրանի ծառէն ծիրան ինկաւ, բա՛թ… Մեր տունը, պարտէզը, պարտէզին մէջ տանձի ծառը, ծիրանի […]

Զատիկ

Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կարմիր հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց դեղին հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կանանչ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կապոյտ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց գոյն գոյն հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, եկէք խաղանք թաք թաք հաւկիթ։

Զոյգ, կենտ

Հինգ զոյգ գուլպայ, տասը հատ հոտած գուլպայ, լուացքի օրը, լուացքին հետ մտան լուացքի մեքենայ… Հինգ զոյգ գուլպայ, տասը հատ հոտած գուլպայ, օճառուեցան, լուացուեցան, մաքո՜ւր մաքուր, մա՛ս մաքուր մեքենայէն ելան… Վա՛յ, ի՛նը հատ գուլպայ… Զո՞յգ է, կե՞նտ է… Զոյգ չէ, կե՛նտ է… Մէկ գուլպան ո՞ւր է… Չորս զոյգ գուլպայ, ութ հատ հոտած գուլպայ, լուացքի օրը, լուացքին […]

Թափ թափ

Չըլը՛փ… Ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ, մեղուն ինկաւ կաթով լեցուն կճուճին մէջը… Ի՞նչ ընէր, ինչպէ՞ս ընէր, կաթով լեցուն կճուճին մէջէն ինչպէ՞ս ելլէր… Մեղուն թեւերը թափ թափ, թափահարեց, թափ թափ, թափահարեց… Մեղուն թեւերով թափ թափ, կաթը հարեց, թափ թափ, կաթը հարեց, թափ թափ, կարա՛գ հանեց… Մեղուն ելաւ կարագին վրայ եւ… թըռ թռա՜ւ, շի՛փ շիտակ դէպի փեթակ…

Ինչ որ ցանես

Այսօր լոլիկ ցանեցի, վաղը լոլիկ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կարմիր կարմիր լոլիկներ… Այսօր վարունգ ցանեցի, վաղը վարունգ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կանանչ կանանչ վարունգներ, կարմիր կարմիր լոլիկներ… Այսօր պղպեղ ցանեցի, վաղը պղպեղ կը բուսնի… Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես, կծու անուշ պղպեղներ, կանանչ կանանչ վարունգներ, կարմիր […]

Իշուկը

Իշուկիս իշուկիս, գլուխը կը ցաւի, իրեն պէտք է գլխարկ մը, յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Յարդէ խոշոր գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Ժապաւէնով գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Գոյնզգոյն գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Իշուկի պո՛չ… Իշուկիս իշուկիս, պոչիկը կը ցաւի, իրեն պէտք է ընկեր մը, հաւատարիմ ընկեր մը… Ընկեր, ընկեր, խաղընկեր… Ընկեր, […]

Երկար թելը

Կը մանէ, կը մանէ, մեծ մայրիկը կը մանէ, բուրդ ու բամպակ կը մանէ… Կը փաթթէ, կը փաթթէ, մեծ մայրիկը կը փաթթէ, երկար թելը կը փաթթէ… Կը հիւսէ, կը հիւսէ, մեծ մայրիկը կը հիւսէ, պատմութիւն մը կը հիւսէ… Կը պատմէ, կը պատմէ, մեծ մայրիկը կը պատմէ, պատմութիւնը անվերջ է՝ այս աշխարհը կլոր է…

Երկու տնկի

Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի… Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի եւ ջրեցի… Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի, ջրեցի եւ տասը տարի սպասեցի… Պարտէզին մէջ երկու տնկի տնկեցի, ջրեցի, տասը տարի սպասեցի եւ մէկը դարձաւ թմբի՛, միւսը դարձաւ թխկի՛… Պարտէզին մէջ ես թմբի, դուն թխկի… Պարտէզին մէջ դուն թմբի, ես թխկի…

Եօթը խեչափառ

Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ… Խաչ, խուչ, խեչ, պար, խաչ, խուչ, խեչափառ… Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ, չորս քայլ դէպի ձախ… Խաչ, խուչ. խեչ, պար, խաչ, խուչ, խեչափառ… Մենապար՝ չէ, չէ… Նազպար՝ չէ, չէ… Բերդպար՝ ինչո՞ւ չէ… Շուրջպար՝ ի հարկէ… Եօթը խեչափառ բռնեցին շուրջպար չորս քայլ դէպի աջ, չորս […]