ջոփ ջոփիկ

այն ո՞վ է․․․ ճուլո՛ւմբ, ճուլո՛ւմբ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ բադի՛կ, բադի՛կ, կարմիր տոտիկ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ սագի՛կ, սագի՛կ, երկա՜ր վզիկ, ջուրին մէջը ջո՛փ ջոփիկ․ այն ո՞վ է․․․ բադի՞կ է, բադի՞կ է, չէ՛, չէ՛, չէ՛․ սագի՞կ է, սագի՞կ է, չէ՛, չէ՛, չէ՛․ կարապ է, կարապ է․ կարա՛պ, սագի՛կ եւ բադի՛կ, կը լողան հարսի՛կ հարսի՛կ․ ալի՛ք […]
ձուկը մուկը

ձուկը ծո՛վը, մուկը ծա՛կը․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը ծո՛վը, ծա՛կը․ ձուկը ծովէն հանեցի, ալիւրին մէջ թաթխեցի, իւղով միւղով տապկեցի․ ձո՛ւկը ուտեմ, փո՛ւշը նետեմ, փո՛ւշը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․ փո՛ւշը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ, ձո՛ւկը նետեմ, փո՛ւշը ուտեմ․ խաբեցի՜, խաբեցի՜, մուկը ծակէն հանեցի, ալիւրին մէջ թաթխեցի, իւղով միւղով տապկեցի․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը, մէ՛կ տապակ, մո՛ւկը, ձո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ ձո՛ւկը ուտեմ, մո՛ւկը […]
Եկէ՛ք ստեղծագործենք
Հեղինակներու աշխատանոց
Ամենէն կարեւոր հարցումը
Ընթերցողներու աշխատանոց
Եկէ՛ք տեղեկանանք մտաշխարհային-երեւակայածին վէպերուն մասին
Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Լուսանկար Նիլ Ռիչըրտ Կէյմըն ծնած է 10 Նոյեմբեր 1960 թուականին Փորթսմըթ, Անգլիա։ Կէյմընը իր մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին Ք. Ս. Լեւիսի, Ճ. Ռ. Ռ. Թոլքինի եւ Էտկըր Էլըն Փոյի ստեղծագործութիւններէն կը ներշնչուէր։ 1984-ին Կէյմընը իր առաջին գիրքը գրեց։ Այս գիրքը «Տուրէն Տուրէն» նուագախումբին կենսագրութիւնն էր։ Կէյմընը զանազան հրատարակչութիւններու համար բազմաթիւ շարանկարներ ստեղծեց։ Ան նաեւ մրցանակի […]
Ամենէն կարեւոր հարցումը
Եկէ՛ք ստեղծագործենք