Եկէ՛ք ստեղծագործենք

Հեղինակներու աշխատանոց

Ամենէն կարեւոր հարցումը

Ընթերցողներու աշխատանոց

Եկէ՛ք տեղեկանանք

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

11 Մարտ 1931-ին Լեհաստանի Զապրզէ գիւղին մէջ Հորսթ Էքէրթ անունով երեխայ մը աշխարհ եկաւ։ Ապագային ամբողջ աշխարհը զինք պիտի ճանչնար իբրեւ հռչակաւոր գրող եւ նկարիչ մը՝ Եանոշ։ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ընտանեօք արեւմտեան Գերմանիա գաղթեցին։ Եանոշը ճամբուն վրան ծանր հիւանդութիւն մը անցուց։ Եանոշ (Լուսանկար՝ Art28 GmbH & Co) Պզտիկ տարիքէն աշխատելու սկսաւ։ Նախ երկաթագործութեան եւ […]
Րուրի

Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն ալ թռչնիկ մը կայ… Աստղ եւ լուսին օրօր կ’երգեն, օրօր կ’երգեն ու կ’օրօրեն… Րուրի րուրի, սիրուն թռչնիկ, անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ… Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն […]
Ոսկի աղջիկ

Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, մազերդ սանտրեմ, մազերդ թել թել սանտրեմ… Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ, ծամերդ հիւսեմ, ծամերդ զոյգ զոյգ հիւսեմ… Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ, ծամերդ հիւսեմ, աստղերուն կապեմ, աստղերուն կապեմ, աստղերը քեզ օրօրե՜ն… Աղջիկ, ոսկի աղջիկ… Աղջիկ, նազով աղջիկ… Աղջիկ, երազ աղջիկ…
Աստղերուն տակ

Երկինքին մէջ փայլուն աստղեր, աստղերուն տակ փափուկ բարձեր… Փայլուն, փայլուն աստղիկներ, փափուկ, փափուկ բարձիկներ, խաղէն յոգնած մանուկներ… Երկինքին մէջ փայլուն աստղեր, աստղերուն տակ փափուկ բարձեր… Փայլուն, փայլուն աստղիկներ, փափուկ, փափուկ բարձիկներ, մուշ, մուշ քնացող մանուկներ… Երկինքին մէջ փայլուն աստղեր, աստղերուն տակ փափուկ բարձեր… Փայլուն, փայլուն աստղիկներ, փափուկ, փափուկ բարձիկներ, մուշ, մուշ երազող մանուկներ…
Աստղերուն օրօրը

Աստղիկները երազ հիւսեն, երազ հիւսեն եւ օրօրեն… Մշի՜կ մշիկ, սիրուն թռչնիկ, յուշի՜կ յուշիկ, անուշ քունիկ… Աստղիկները երազ մաղեն, երազ մաղեն եւ օրօրեն… Մշի՜կ մշիկ, սիրուն թռչնիկ, յուշի՜կ յուշիկ, անուշ քունիկ…