Բնապահպանութիւն
Ո՞րն է աշխարհի ամենէն մեծ ովկիանոսը։ Հողը ինչպէ՞ս կազմուած է։ Տերեւները ինչո՞ւ գոյն կը փոխեն։ Ո՞ր կենդանիները անապատի մէջ կ՚ապրին։ Այս եւ շատ մը ուրիշ հարցումներու պատասխանները կարելի է գտնել բնապահպանական նիւթերու նուիրուած այս շարքին մէջ։ Շարքին 16 միաւորները պատրաստուած են «Հայկական ծառ» կազմակերպութեան խմբակին կողմէ, որ կենսոլորտին վերաբերեալ կրթական նիւթեր կը պատրաստէ։ Այժմէական այս […]
Երդիք
Զանազան տարիքներու ուղղուած գոյնզգոյն տեսերիզներ, որոնք ամէն շաբաթ հաճելի եւ հետաքրքրական նիւթեր կը հրամցնեն բոլորիս։ Երդիք երկու բաժին ունի։ Ակուլ տուկուլ 2-էն 6 տարեկաններուն համար՝ խաղերու, երգերու, պատմութիւններու եւ հանելուկներու փունջ մը պիտի ներկայացնէ ամէն շաբաթ։ Հայախօս կամ ոչ, երեխաները պիտի կարենան հաճոյքով հետեւիլ եւ մասնակցիլ իրենց ուզած ձեւով։ Ալնիս բալնիս 7-էն 12 տարեկաններուն համար՝ […]
Յառաջ օրաթերթ
Յառաջ թերթը Եւրոպայի առաջին հայերէն օրաթերթն է, որ լոյս տեսած է 1925-էն մինչեւ 2009։ Տասնամեակներու ժառանգութիւն ամբարած օրաթերթին էջերը կը պարունակեն յատկապէս Ֆրանսայի, բայց նաեւ ամբողջ հայկական սփիւռքի կեանքին վկայութիւնը։ Ինչպէս նաեւ, Յառաջ եւ իր «Միտք եւ Արուեստ» շաբաթական յաւելուածը Եւրոպայի մէջ հայալեզու գրական կեանքին կարեւոր սատարողներէն մէկը եղած են։ 2011-էն 2018 տեւած թուայնացումի երկարաժամկէտ […]
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա
«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ազատ հանրագիտարանը 2019-ի սկիզբէն ի վեր անկախ արեւմտահայերէն հարթակ մըն է։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ստեղծուած է արեւմտահայերէն լեզուին առանձին համակարգչային լեզուական կարգանիշ մը ստանալէն յետոյ։ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տարած ջանքերով, արեւմտահայերէնը Յունուար 2018-ին օժտուեցաւ յատուկ ISO 639-3 լեզուական «hyw» կարգանիշով։ Կարգանիշի բացակայութիւնը երկար ժամանակ հիմնական խոչընդոտը եղած էր […]
Փիլիպարտէզ
«Փիլիպարտէզ»-ը երեխաներուն հետ փիլիսոփայութեան ծրագիր մըն է, որուն նպատակն է՝ իրականութիւն դարձնել երեխաներուն հետ արեւմտահայերէնով փիլիսոփայելու գաղափարը: Այս նպատակով կը պատրաստուին նիւթեր եւ կը տրամադրուին ծրագիրին կայքէջին վրայ։ «Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն»-ը աշխարհի վրայ բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը կիրարկուի, թէ՛ դպրոցական ծրագիրներու եւ թէ՛ զանազան խմբային աշխատանոցներու ընթացքին, հարցումի մը, խնդիրի մը եւ կամ յղացքի մը […]
Ծափ ծափիկ
Փոքր տարիքէն սկսեալ, երեխաները պատրաստ են իրենց ձայնին հետ խաղալով, երգելով, ծափելով եւ պարելով բնականօրէն երաժշտութիւն արտադրելու։ Ծափ-Ծափիկ-ի մանկավարժական ուղեցոյցին եւ այդտեղ ներկայացուած խաղերուն ընկերակցութեամբ փոքրիկները երաժշտական հարուստ փորձառութիւն պիտի ամբարեն։ Միեւնոյն ժամանակ առիթը պիտի ունենան զանազան այլ հմտութիւններ զարգացնելու։ Ծափ-Ծափիկը բաղկացած է գիրքէ մը որ 180 էջ է եւ 25 երգերէ կազմուած ցանկէ մը, […]