Ժնջի՜լ ժնջիլ, կանանչ խոտը ո՞ւր է… Ա՛յծը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, այծը ո՞ւր է… Գա՛յլը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, գայլը ո՞ւր է… Ա՛րջը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, արջը ո՞ւր է… Սո՛ւրը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, սուրը ո՞ւր է… Ժա՛նգը կերաւ…
Ժնջի՜լ ժնջիլ, ժանգը ո՞ւր է… Ի՛ւղը կերաւ…
Հարի, հարի խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…
Մէջդ բարի խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…
Հարի, հարի խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…
Մէջդ կարագ խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…
Հարեցի՛, հարեցի՛, դեղին կարագը հանեցի…
Կճուճը, կուժը, կարասը… Կարասը, կուժը, կճուճը…
Կարասը, կուժը, կճուճը… Կճուճը, կուժը, կարասը…
Ո՞ւր է իւղը…
Կարասին մէջը…
Ո՛չ, ո՛չ, մուկի պո՛չ…
Տըռ տը՛ռ Ղազար,
պատասխանը չգիտցար,
ջուրէն ելած մո՛ւկ դարձար…
Ո՞ւր է իւղը…
Կուժին մէջը…
Ո՛չ, ո՛չ, մուկի պո΄չ…
Տըռ տը՛ռ Ղազար,
պատասխանը չգիտցար,
ջուրէն ելած, թա՛փ թաց մուկ դարձար… հապչի՛…
Ո՞ւր է իւղը…
Կճուճին մէջը…
Տըռ տը՛ռ Ղազար,
պատասխանը ուրկէ՞ գտար, ինչպէ՞ս գիտցար,
գտար, գիտցար, հանճա՛ր դարձար…
Հանճարը,
կաթսային մէջ հաճարը,
կճուճին մէջ պատասխանը…
Տըռ տը՛ռ Ղազար,
հաճա՛ր կերար,
հանճա՛ր դարձար…
Հանճարը,
կաթսային մէջ հաճարը,
կճուճին մէջ, վա՛յ… չկայ իւղը…
Այն ո՞վ է…
Մտեր է կճուճին մէջը,
կերեր է կճուճին իւղը…
Գացէք տեսէք ո՞վ է կերեր իւղը,
Գացինք տեսանք մուկն է կերեր իւղը…
Մուկը իւղը, իւղը ժանգը,
ժանգը սուրը, սուրը արջը,
արջը գայլը, գայլը այծը, այծը արտը,
ձեզ Բարեկենդան, մեզ բարի Զատիկ…
Մուկը ընդհանրապէս մոխրագոյն կ’ըլլայ…
Սեւ ու ճերմակ՝ մոխրագոյն…
Երբ մութ է՛ մո՜ւս մութ,
սե՛ւ կը դառնայ՝ սե՛փ սեւ…
Երբ ալիւրի պարկը մտնէ,
ալիւրի պարկէն ճերմա՛կ կ’ելլէ՝ ճե՛փ ճերմակ, սպիտակ…
Երբ սուրճ խմէ,
սրճագոյն կը դառնայ՝ սուրճի՛ գոյն…
Երբ սիրահար ունենայ,
վարդագո՛յն կը դառնայ՝ վարդի՛ գոյն…
Երբ բարկանայ,
կը կարմրի՝ կա՛ս կարմիր կ’ըլլայ…
Երբ իւղով միւղով տապկուի,
նարնջագոյն կամ ծիրանագոյն կը դառնայ…
Երբ հիւանդանայ,
կը դեղնի՝ դե՛փ դեղին կ’ըլլայ…
Երբ սիրտը խառնուի,
կանանչ կը դառնայ՝
կա՛փ կանանչ կամ կափս կանանչ…
Երբ մսի,
կապոյտ կը դառնայ՝
կա՛ս կապոյտ կամ կափս կապոյտ…
Երբ ամչնայ,
մանիշակագոյն կը դառնայ՝ մանուշակի գոյն…
Երբ կատուն գայ,
թափանցի՛կ կը դառնայ…
Գոյն, գոյն, չկա՞յ գոյն…
Իսկ երբ Բարեկենդանը գայ,
գոյնզգո՛յն կ’ըլլայ…
Գոյն, գոյն, քանի՞ գոյն…