մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Շուք շուք

Արեւուն տակ
հետս կը քալէ
շարունակ…

Երբեմն առջեւէս,
վիզը երկա՜ր
ընձուղտի նման…
Երբեմն ետեւէս,
գիրուկ միրուկ
արջուկի նման…
Երբեմն ալ
աջ կողմէս
կամ ձախ կողմէս,
սուսիկ փուսիկ
փիսիկի նման…

Շո՛ւք, շո՛ւք,
հետս կը քալես
անշշուկ…

Արեւուն տակ
հետս կը խաղայ
շարունակ…

Կը ցատկէ,
կը ցատկռտէ,
կրկէսէ փախած
կապիկի նման,
ի՛նչ որ ընեմ
կը կապկէ
եւ յանկարծ՝ չի՛ք,
կ՚անհետանա՜յ…

Պահուըտո՛ւք կը խաղայ,
բայց երբ կը պահուըտի,
շող շող արեւն ալ
հետը կը տանի…

Շո՛ւք, շո՛ւք,
հետս կը խաղաս
պահուըտուք…

Շո՛ւք, շո՛ւք,
առանց քեզի
ես կը մնամ անշուք…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք

Անաւարտութիւն

Փորձագրութիւն

Սինեմայի հարուստ աշխարհը

տեսերիզներու շարք