մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Կաթսային մէջ Ա

Սմբուկին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի…
Կաթսային մէջ,
լոլիկի ջուրով եփեցի…
Ես անօթի,
դուն անօթի,
սմբուկը ինծի թէ քեզի…

Դդումին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի…
Կաթսային մէջ,
սմբուկին հետ
լոլիկի ջուրով եփեցի…
Ես անօթի,
դուն անօթի,
դդումը ինծի թէ քեզի…

Պղպեղին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի…
Կաթսային մէջ,
սմբուկին հետ,
դդումին հետ,
լոլիկի ջուրով եփեցի…
Ես անօթի,
դուն անօթի,
պղպեղը ինծի թէ քեզի…

Լոլիկին փորը պարպեցի,
մէջը բրինձ լեցուցի…
Կաթսային մէջ,
սմբուկին հետ,
դդումին հետ,
պղպեղին հետ,
լոլիկի ջուրով եփեցի…
Ես անօթի,
դուն անօթի,
լոլիկը ինծի թէ քեզի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ

Մանկապատանեկան վիպակ

Կայաններ

Բանաստեղծութիւններ
Զարդիս մատենաշար

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ

Դերաքրիստոսը

Փիլիսոփայական