մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Մորիս Բլանշոյ
Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Մարկ Նշանեան
Գրական հանգանակ մը

Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 160
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ

Հրատարակութեան թուական` 2018

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Փիլիսոփայական

«Գրականութիւնը ինքզինք կը դիտէ յեղափոխութեան մէջ, կ՚արդարացնէ ինքզինք անոր մէջ, եւ եթէ զայն Ահաբեկում կոչած են, պատճառը անշուշտ այն էր որ ան որպէս իտէալ ունէր այդ պատմական պահը, երբ “կեանքը կը կրէ մահը ու կը յարատեւէ մահուան մէջ իսկ”, անկէ քաղելու համար խօսքին հնարաւորութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։ Ահա “հարցում”ը որ կը փորձէ գրականութեան մէջ արձանագրուիլ ու կատարուիլ եւ որ անոր էոյթը կը կազմէ»։
(Մորիս Բլանշոյ)

«Պատմութեան ժամանակին մէջ, մենք մեզի ժամանակակից ենք, ինչ որ կը նշանակէ թէ մենք մեր վկաներն ենք։ Մինչդեռ երկին սպասումով՝ անանձնական ուշադրութիւնը կը փոխադրուի աշխարհի մը մէջ ուր վկային մահն է որ կը տիրէ, մեռեալ վկան է, վերապրողն է, որ կը գրաւէ բեմահարթակը»։
(Մարկ Նշանեան)

Մորիս Բլանշոյ (1907-2003) ֆրանսացի մտաւորական, վիպագիր եւ քննադատ մըն էր, այդ մարզին մէջ ամենէն յարգուածներէն մէկը։ Սոյն հատորը մէկ կողքին տակ կը հրամցնէ երկու գրուածք։ Նախ՝ Մորիս Բլանշոյի 1947ին հանդէսով եւ 1949ին՝ գիրքով լոյս տեսած La littérature et le droit à la mort վիճաբանական փորձագրութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ 1947ին լոյս տեսած էր Ժան-Փօլ Սարտրի «Ի՞նչ է գրականութիւնը» գիրքը, որ կը պաշտպանէր յանձնառու գրականութեան գաղափարը։ Այդ գաղափարին դէմ գրուած է Բլանշոյի «Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը»։ Սոյն գիրքին երկրորդ բաժինը կը հրամցնէ Բլանշոյի փորձագրութեան վերաբերեալ Մարկ Նշանեանի բացատրական ու պարզաբանական ուսումնասիրութիւնը, «Գրական հանգանակ մը» վերտառութեամբ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Մորիս Բլանշոյ
Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Մարկ Նշանեան
Գրական հանգանակ մը

Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 160
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ

Հրատարակութեան թուական` 2018

Սանդուխ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Երդիք

Ալնիս Բալնիս

Վլում

Գիտութիւն (2016)