Սոխ սխտոր ոտնախաղ

Ոտնախաղ՝ չորսէն ութ տարեկաններու համար…։ Քալել լարախաղացի մը նման, կօշիկին կրունկը փակցնելով կօշիկին քիթին եւ կրկնելով՝ Ես սխտոր եմ, դուն ի՞նչ ես Սոխ եմ…։ Սոխ սխտոր, սոխ սխտոր…։ Խաղը պարզ է. սակայն հաւասարակշռութիւն պահելը ոչ այնքան դիւրին…։ Կը շահի ան, որ իր ոտքով կամ կօշիկով կը փակէ վերջին բացուածքը…։ Կը հոտիս կը հոտիս Անդին գնա՛ […]
Սեռականութեան պատմութիւն

Հայերէն լեզուով առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ Ֆրանսացի յայտնի փիլիսոփայ եւ պատմագէտ Միշէլ Ֆուկոյի «Սեռականութեան պատմութիւն» հանրածանօթ գործին առաջին հատորը (Իմացութեան կամեցողութիւնը, 1976-ին հրատարակուած), Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։ «Յաւելուած»-ով մը թարգմանաբար տրուած են նաեւ նոյն տարին կատարուած հարցազրոյց մը Ֆուկոյին հետ, եւ «Սեռականութեան պատմութիւն» շարքին յաջորդ հատորներուն համար նախատեսուած յառաջաբան մը։ Հատորը թարգմանիչին […]
Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան

Կարօն, Լէօն, Հեղինէն, Այլինը, Պետիկը եւ միւս աղջիկները եւ տղաքը։ Բոլորն ալ կ՚ապրին այս քաղաքին մէջ, բոլորն ալ երազներ ունին, կը հաւատան իրենց երազներուն։ Երազները կը կորսուի՞ն։ Հապա՞ եթէ մեռնին անոնց հաւատացած սուփըր հերոսները։ Եօթը պատմուածք մանկութեան, բայց աւելի ճիշդ՝ կորսուած մանկութեան մասին։
Ս Ժապաւէն
