մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Հապա եթէ

«Հապա եթէ»-ն ստեղծարար մտածողութեան զարգացման ձեւերը արեւմտահայերէնով շաղող առցանց ծրագիր մըն է, ուր երկրագունդին չորս ծագերէն երեխաներ կը հանդիպին, միասին հայերէնով գծելու, խաղալու, մտածելու, կատակներ ընելու, իրենց արտադրութիւնները կիսելու եւ հայերէնը իբրեւ կենդանի լեզու վայելելու։ Հանդիպումները 50 վայրկեան տեւողութեամբ կը մատուցուին։ Ներկայիս ուղղուած են 8-էն 12 տարեկան երեխաներու։ «Հապա եթէ»ի աշխատանոցները նաեւ տեղի կրնան ունենալ տեղւոյն վրայ՝ դպրոցներէ, ճամբարներէ եւ մանկական ակումբներէ ներս, երեխաներու, եւ  դաստիարակներու հետ միասին։ Աշխատանոցները հիմնուած են ստեղծարար վարժութիւններու վրայ, […]

Հայաւանդ

«Հայաւանդ»ը Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի առցանց հարթակն է, ուր կարելի է գտնել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու դասերու ձեւանմոյշներ՝ յարմար 12-15 տարեկան հայախօս աշակերտներու։ «Հայաւանդ»ի ճամբով կարելի է պատանիին հայերէնով հրամցնել նիւթեր, որոնք ժամանակակից են եւ կ՚առնչուին այսօրուան ընկերութեան եւ աշխարհին։ Հարթակը ուղղուած է արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներուն։ Հարթակէն կրնան օգտուիլ ամէնօրեայ կամ միօրեայ հայկական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող եւ […]

հացիկը

բթամատիկը ալի՛ւր մաղեց, ալի՛ւր մաղեց… ցուցամատիկը խմո՛ր շաղեց, խմո՛ր շաղեց… միջնեմատիկը թոնի՛րը վառեց, թոնի՛րը վառեց… մատնեմատիկը հացի՛կ թխեց, հացի՛կ թխեց… ճկոյթիկը հա՛մ, հացիկը կերա՜ւ… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով… դեղի՛ն պանիր, ծա՛կ ծա՛կ պանիր… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով եւ լոլիկով… լոլիկը կարմիր է, գլխարկը կանանչ է… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով, […]

հաւնոցը

այն ո՞վ է… կո՛ւտ կ՚ուտէ, հաւկի՛թ կ՚ածէ… կը՛տ կը՛տ կըտակ, հաւկիթ մը տաք տա՜ք… երկու հաւկիթ տաք տա՜ք… երեք հաւկիթ տաք տա՜ք… չորս հաւկիթ տաք տա՜ք… հինգ հաւկիթ տաք տա՜ք… վեց հաւկիթ տաք տա՜ք… եօթը հաւկիթ տաք տա՜ք… ութը հաւկիթ տաք տա՜ք… ինը հաւկիթ տաք տա՜ք… տասը հաւկիթ տաք տա՜ք… ճերմակ հաւուն տա՛կ… այն ո՞վ […]

հտպիտը

այն ո՞վ է… կարմիր քիթ, մեծ բերան, փրփուր մազ, ծա՛կ գլխարկ… կարմիր քիթ, մեծ բերան, փրփուր մազ, ծա՛կ գլխարկ, մէջէն ելաւ նապաստա՛կ… հտպիտը մէյ մը ուրախ, մէյ մը տխուր… մէյ մը կը խնդա՜յ, մէյ մը կու լա՜յ… հտպիտին գլուխը մէկ դէպի վար, մէկ դէպի վեր… ե՜ւ… չի՛կ չի՛կ, կարմիր քիթը չի՛կ… չի՛կ չի՛կ, կարմիր քիթը […]

Հայելին

Խուճկուլուլուն հայելիի մը առջեւ կը յայտնուի, իսկ հայելիին մէջէն, մէկը իրեն կը նայի… Ո՞վ է արդեօք…