Կշռական հատում
Գրութիւնը տպուած է իբրեւ յառաջաբան Մանտրաներ ամբողջական հատորին։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը
Պարզ օր մը ինչպէ՞ս կը վերածուի աղուոր օրուան մը։ Կեանքիդ ամենէն աղուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ այդ օրը, երբ անուշ բոյրով ծաղիկ մը կը հոտուըտաս, անձրեւին տակ կը պարես եւ կամ ամպերը զանազան բաներու կը նմանցնես։ Հապա եթէ հեծելանիւէն իյնաս, կրկնեփները փուռին մէջ մոռնաս կամ ընկերոջդ հետ գժտուիս… «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ […]
Կիրակոսը
Կիրակոսը՝ դպրոցին հետ հազար ու մէկ հարց ու հանգոյց, հազար հարց ու մէկ հանգոյց ունեցող աշակերտը… Կիրակոսը՝ ներաշխարհով հարուստ այն տղան, որ ընթերցողը իր հետը պիտի փոխադրէ, դպրոցէն հեռո՜ւ, երեխային մօտիկ, ժպիտով լի մոլորակ մը…
Կը հրաժարիմ հայութենէ
Կը հրաժարիմ հայութենէ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949-ին, Փարիզի մէջ։ Փօլատեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ հաւաքուած մի քանի երիտասարդի պատմութիւնը։ Ի՞նչ կը պատահի երբ անոնցմէ մէկը յուսահատի իր շրջապատէն։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Կարօ Փօլատեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Կօշիկս
Կօշիկս շատ հին է… Կօշիկս հին է, ծակ է… Ստիպուած՝ ես կը խաղամ բոպիկ բոպիկ… Տո՛փ, տո՛փ, տո՛փ տոփիկ, կ’երթամ կու գամ ոտաբոպիկ… Կօշիկս նո՛փ նոր է… Կօշիկս նոր է, նեղ է… Ստիպուած՝ ես կը խաղամ բոպիկ բոպիկ… Տո՛փ, տո՛փ, տո՛փ տոփիկ, կ’երթամ կու գամ ոտաբոպիկ… Կօշիկս հին է, ծակ է… Կօշիկս նոր է, նեղ […]
Կուտ կուտ
Կուտ կուտ, կուտատուկի կուտ, երէկ ցանեցի կուտատուկ, կուտատուկը բուսաւ շատ շուտ… Կուտ կուտ, կուտատուկի կուտ, այսօր եկաւ կարկուտ, կարկուտը կերաւ կուտատուկ… Կուտ կուտ, կուտատուկի կուտ, քովս մնաց ո՛չ կուտ, ոչ ալ սուտ…
Կոճակը
Երկար պոչով մկնիկը քովս եկաւ գիշեր մը, պոչը շարժեց ու ըսաւ՝ Տակաւին ակռադ չփրթա՞ւ… Երկար պոչով մկնիկը ինծի բերաւ կոճակ մը, կոճակը տուաւ, ակռաս առաւ, ակռաս առաւ ու փախաւ…
Կարթ ու թակարդ
Ձուկը մուկը, մուկը ձուկը… Ծովը ծակը , ծակը ծովը… Ձուկը ծովը, մուկը ծակը… Մուկը ծակը, ձուկը ծովը… Ձուկը մուկը, թակարդը, վա՛յ… Մուկը ձուկը, սուր կարթը, վո՛ւյ… Թակարդը, սուր կարթը… Սուր կարթը, թակարդը եւ… Ձուկը մուկը տապակին մէջը… Մուկը ձուկը պնակիդ մէջը…
Կարագը
Մաման գնաց հանրախանութ… Տեսակ տեսակ պանիր տեսաւ, շուարեցաւ… Ասի՞ առնէ, թէ անի առնէ… Ֆրանսակա՞ն պանիր, թէ հոլանտական պանիր… Պուլկարակա՞ն պանիր, թէ իտալական պանիր… Յունակա՞ն պանիր, թէ հայկական պանիր… Դեղի՞ն պանիր, թէ ճերմակ պանիր… Հոտա՞ծ պանիր, թէ հալած պանիր… Ծակ ծա՞կ պանիր, թէ թել թել պանիր… Այծի՞ պանիր, թէ ոչխարի պանիր… Մաման գնաց հանրախանութ… Տասնչո՛րս տեսակ […]
Կանանչ կարմիր
Եղեւինը կանանչ է, Կաղանդ պապուկը կարմիր է… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ է… Ձմերուկը կանանչ է, իսկ միջուկը կարմիր է… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ չէ… Կաղանդ պապուկը ձմերո΄ւկ կ’ուտէ… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ է, ձմեռ չէ…