մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Գիտութիւն Բ. Տարի

«Գիտութիւն Բ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 10 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողու-թիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղա¬փար-ներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]

Գիտութիւն Գ. Տարի

«Գիտութիւն Գ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 12 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողու-թիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղա-փարներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]

Գիտութիւն Ա. տարի

«Գիտութիւն Ա Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 14 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողութիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղափարներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]

Գիտութիւն (2016)

«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ գիտնականները կը մղեն իրենց տրամաբանութիւնը եւ երեւակայութիւնը գործածելու, ինչպէս նաեւ իրենց քննական եւ ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու։ Մասնաւորապէս հայերէնով գիտութեան դասաւանդումը քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, մինչեւ կարենան երեխաները իւրացնել վերացական մակարդակի լեզուն, եւ տիրապետեն յղացքներու […]

Հոտած գուլպան

Երկուշաբթի՝ որո՞ւն գուլպան կը հոտի… Երեքշաբթի՝ հոտէն քիթս կը փրթի… Չորեքշաբթի՝ մնացի առանց քիթի… Հինգշաբթի՝ փրթած քիթս թուքով փակցուցի… Ուրբաթ՝ վա՛յ, փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի… Շաբաթ՝ թուքով սխալ փակած, փրթած քիթս կը ծռի… Կիրակի՝ գուլպադ փոխէ, թուքով սխալ փակած, փրթած, ծուռ քիթս նորէն չփրթի…

Ալին զալին տայ

Հովը ծովը, ոսկի արեւը, մանր աւազը, ալին զալին տայ, ալին զալին տայ… Ծովուն վրայ նաւ մը կայ… Նաւը կայմը առագաստը, հովը ծովը, ոսկի արեւը, մանր աւազը, ալին զալին տայ, ալին զալին տայ… Կայմին վրայ թռչուն մը կայ՝ կուրծքը ճերմակ, թեւերը սեւ, իսկ պոչիկը մկրատաձեւ… Ծիծեռնակը՝ նաւը կայմը առագաստը, հովը ծովը, ոսկի արեւը, մանր աւազը, ալին […]

Գորտը – Հանելուկ

Խաղալ մանաւանդ անձրեւոտ օրերը, Հանելուկներուն պոչը երկար է…։ Կարելի է ստեղծել ու խաղալ բոլոր կենդանիներուն համար…։ Կրկնել՝ Գոց սնտուկ, բաց սնտուկ, մէջէն ելաւ հանելուկ…։ Հանելուկը կրկնել գորտի ձայնով եւ ձեւերով՝ Մկրատը բաց Մկրատը գոց Մկրատ, մկրատ, մազ չկայ…։ Տոտիկ կայ, կայ, կայ…։ Թաթիկ կայ, կայ, կայ…։ Պոչիկ չկայ…։ Երբ ձայն տուողը ըսէ՝ Գորտ Գորտիկները դուրս…։ […]

Գայլախաղ կամ քայլախաղ

Բակի խմբային խաղ՝ երեքէն եօթը տարեկաններու համար…։ Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ…։ Գայլ, գայլ, ո՞ւր ես դուն…։ Կը լոգնամ…։ Անտրամաբանական… անտրամաբանական…։ Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ…։ Գայլ, գայլ, ո՞ւր ես դուն…։ Կը չորցուիմ…։ Անտրամաբանական…։ Անտրամաբանական…։ Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ…։ […]

Գիտութիւն Դ. Տարի

«Գիտութիւն Դ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 10 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողութիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղափարներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]