Հայերէնի մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումը

ԱՐՓԱ Հիմնարկի ասուլիս Հայերէնի կրթութեան մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումը խիստ անբաւարար է, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Օրինակ՝ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէն ստեղնաշարի ուսուցման եւ օգտագործման բացակայութիւնը անհասկնալի է, մանաւանդ երբ թուային արագացումը կրթութեան մէջ եւ ամենուրեք կը ներկայանայ որպէս ամենօրեայ հրամայական՝ ամբողջ համացանցի վրայ հայերէն լեզուի գործածութիւնը, համեմատաբար միւս լեզուներուն, միայն 0,03% է։ Նորագոյն գործիքներու […]
Արեւմտահայերէնի ամառնային ուսուցչական աշխատանոց՝ յաջորդ քայլերը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը Յուլիս 9էն 17ը աշխատանոց մը կազմակերպեց, արեւմտահայերէնով աշխատող 41 ուսուցիչներու եւ ստեղծագործողներու մասնակցութեամբ, որոնք եկած էին ինը երկիրներէ միասնաբար լեզուի իւրացման գործիքներ զարգացնելու համար։ Խումբին մաս կը կազմէին դաստիարակներ, ուսումնականներ, գրողներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, դերասաններ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ։ Մասնակիցները բաժնուած էին եօթը խումբերու։ Իւրաքանչիւր խումբ աշխատեցաւ արեւմտահայերէնի վերանորոգման վերաբերող […]