մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Թուականներ

«Ստեղծել աշխարհներ» աշխատանոցը Ֆիլատելֆիոյ մէջ

Ուս Հարթակի աշխատանքներու ծիրէն ներս, 2023ի 12-էն 18 Յունիսին, Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ստեղծել աշխարհներ» ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան աշխատանոցը։
Աշխատանոցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեանին ջանքերով եւ հովանաւորուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ։ Աշխատանոցին ծրագիրը կազմուած էր Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու՝ Անի Կարմիրեանին կողմէ։
Աշխատանոցին կը մասնակցէին Արեւելեան Ամերիկայի միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններէն ուսուցիչներ, որոնք երեք տարի շարունակ կատարեալ ներկայութեամբ՝ հետեւած էին Ուս հարթակի հանդիպումներուն: Հիմնականօրէն, ծրագիրը կը միտէր դասաւանդուած մեթոտներու կիրառման եւ գործնականացման: Այս մասնակիցները ստացան ընթացքը աւարտած ըլլալու վկայականներ։ Աշխատանոցին մասնակցեցան նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինի վարիչ տնօրէն Թամար Թիւֆէնքճեանը եւ կանոնաւոր Ուս հարթակի հանդիպումներուն մասնակցող ուսուցիչներ։
Աշխատանոցին զանազան նիստերը վարեցին հետեւեալ ուղեկիցները՝ Թէնի Աբէլեան, Հրայր Գալեմքէրեան, Նորա Սարաֆեան Թաշճեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Էյմի Հիիւս, Վաչե Հովեյան, Սեւանա Չագրեան եւ Շուշան Փիլիպպոսեան։