մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Թուականներ

Շարժայի մէջ մանկավարժական աշխատանոց

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի ծրագիրներու ծիրէն ներս Արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժութեան շուրջ խտացեալ աշխատանոց մը կազմակերպուեցաւ Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանին մէջ, 2023ի 25 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու՝ Անի Կարմիրեանի ուղեկցութեամբ եւ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Վարդուկ Գարակիւլլէեանի կազմակերպութեամբ։
Շաբթուան ընթացքին, բոլոր ուսուցիչները շօշափեցին միօրեայ դպրոցներէ ներս հայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները եւ ծանօթացան նորարար զանազան ծրագիրներու։ Կարելի եղաւ թէ՛ տեսական մօտեցումներ ներկայացնել եւ թէ՛ ուսուցիչներուն հարցումներուն միասնաբար գործնական պատասխաններ փնտռել։ Երեխայակեդրոն, միջներգործօն եւ փորձարկուած ու փաստուած նորարար մօտեցումներով պատրաստուած ծրագիրներով աշխատելու առաւելութիւնները կարելի եղաւ փոխանցել վարժարանի ուսուցիչներուն։
Այս ծրագիրը բնական շարունակութիւնն է Տիկ. Վարդուկ Գարակիւլլէեանի տարիներու աշխատանքին եւ Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» դպրոցի մանկապարտէզի տնօրէնուհի եւ հայերէնի համադրող Նորա Սարաֆեան-Թաշճեանի հետ տարուած շարունակական վերապատրաստական աշխատանքներուն։