մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Թուականներ

Լիբանան այցելութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, 19-25 սեպտեմբեր 2023-ին այցելեց Լիբանան, ընկերակցութեամբ՝ արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու՝ Անի Կարմիրեանին։ Տեղւոյն անոնց միացաւ Լիբանանի ծրագիրներու պատասխանատու՝ Գայիանէ Մածունեան։
Այլ հանդիպումներու կողքին, այցելութեան նպատակներէն մէկն էր մասնակցիլ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին (LAU) համագործակցութեամբ իրագործուած ուսուցիչներու վերապատրաստութեան երկամեայ ծրագիրի աւարտական հանդիսութեան: Այս երկօրեայ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան վերապատրաստուած 23 ուսուցիչներէն ոմանք, տեղի ունեցան ակադեմիական ելոյթներ, ինչպէս նաեւ ԳԿՀ-ի նախաձեռնած եւ հովանաւորած մանկավարժական գործիքներու մասին ներկայացում: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վկայագիրներու բաշխումով:
Լիբանանի այցելութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել այստեղ։