2018-ի Յունուար 11-13-ին, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու 29 տնօրէններ առաջին անգամ ըլլալով մէկտեղուած էին «Զարգացում մեր ուժերով. կրթական ղեկավարութիւն եւ լեզուի իւրացում սփիւռքահայ դպրոցներուն մէջ» եռօրեայ աշխատանոցին մասնակցելու համար։
Աշխատանոցին նպատակն էր հաւաքաբար քննարկել, թէ իւրաքանչիւր տնօրէն ինչպէ՛ս կրնայ հայերէնի վերակենդանացման ուղղուած մանկավարժական նոր մեթոտներ
առանձնացնել ու կիրարկել։ Աշխատանոցը քննարկեց հետեւեալ նիւթերը՝
- Ինչպէ՛ս մշակել դպրոցական համայնք մը եւ ի՛նչ կը նշանակէ դպրոցէն ներս համագործակցական մշակոյթ մը.
- Փիլիսոփայական ու քննական մտածողութեամբ՝ ինչպէ՛ս բանալ մտքի պատուհանները.
- Ինչպէ՛ս ապրիլ հայերէն լեզուն եւ հայերէնը դարձնել ապրող լեզու, շեշտը դրուած ըլլալով բազմալեզու կրթութեան եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան վրայ.
- Ինչպէ՛ս կառուցել լեզուական ներսուզումի (immersion) բնատիպեր.
- Ինչպէ՛ս ներգրաւել ընթերցողներու եւ գրողներու սերունդ մը, դասարանը մղելով ստեղծարար գրագիտութեան:
Աշխատանոցը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին (UCLA) մէջ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (Լիզպոն, Փորթուկալ) Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին հովանաւորութիւնը կը վայելէր, նոյն համալսարանի Ազգային Ժառանգական Հնարամիջոցներու Կեդրոնին եւ Մերձաւոր Արեւելեան Լեզուներու եւ Մշակոյթներու բաժանմունքին սերտ համագործակցութեամբ։