Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Արեւմտահայերէնի ամառնային դաստիարակչական աշխատանոց

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը համախմբեց տարբեր երկիրներէ երեսունութ հոգի, բոլորն ալ ծանօթ անձնաւորութիւններ իրենց մասնագիտութեան՝ դաստիարակչութեան եւ գեղարուեստական ստեղծարարութեան կալուածներուն մէջ: Հետապնդուած նպատակն էր միասնաբար ծաւալել արեւմտահայերէնի իւրացման ու վերաշխուժացման ուղղուած գործիքներ: Այս մէկը երկրորդ աշխատանոցն էր իր տեսակին մէջ (Առաջինը տենել այստեղ)։

Կազմուեցան խումբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց առանձին զեկոյց մը իր գործունէութեան յառաջացման մասին, միաժամանակ շարունակելով ծաւալել նախապէս ճշդուած գաղափարները:

  1. Դաստիարակներու համար համալսարանական շարունակական ծրագրի մը կազմակերպումը, զուգակցուած՝Սփիւռքի երախաներուն յատուկ ճամբարով մը: Այս աշխատանքին արգասիքը հանդիսացաւ «Զարմանազան» ճամբարը, որ տեղի ունեցաւ Պուրպուլի մէջ, 2017 Յուլիս 17-էն Օգոստոս 11:
  2. Արեւմտահայերէնի պատշաճեցուած՝ գրելու եւ կարդալու արդիական եղանակներու վրայ հիմնուած մանկավարժական գործիքներու, ինչպէս նաեւ հաստատեալ եւ ոչ-հաստատեալ (formel եւ informel) համագրերու (contextes) համար դասընթացի մը պատրաստութիւնը: Այս խումբը այժմ կը կեդրոնանայ ճկուն դասընթացի ծրագրի մը եւ տարբեր տեսակի մանկավարժական գործիքներու ստեղծման վրայ: Յաւելեալ՝ յատուկ դաստիարակչութեան մասնագէտներու ենթայանձնախումբ մը կեանքի կոչեց արեւմտահայերէնի պատշաճեցուած «հնչիւնաբանական գիտակցութեան» ծրագիր մը, լեզուի թերախօսութեան մասնագէտներու (orthophonistes) ու դաստիարակներու այդ ուղղութեամբ աշխատանքը խրախուսելու, ինչպէս նաեւ անոնց աշխատանքին աջակցելու նպատակով:
  3. Վարժարաններու ներկայի ու ապագայի տնօրէնները համախմբող բանավայրի (forum) մը կազմակերպումը: Ան պիտի կեդրոնանայ դաստիարակչական ղեկավարութեան մը ստեղծման հարցին վրայ: Հոն պիտի վիճարկուին դպրոցական մշակոյթի, ծրագրերու բարեփոխումներու նման հարցեր, ինչպէս նաեւ մասնակիցները պիտի կարենան բաժնել իրենց ներկայի աշխատաձեւը, փորձառութիւնները: Վարժարաններու տնօրէններուն յատուկ այս առաջին գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2018 Յունուարին, Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, Լոս Անճըլըս:
  4. Որքան երախաներու, նո՛յնքան ալ երիտասարդ չափահասներու համար՝ լեզուի իւրացման եւ գործածութեան բարելաւման ուղղուած խաղերու ստեղծումն ու պատշաճեցումը: Այդ խաղերէն ոմանք պիտի կապուին նաեւ ընկերային ցանցերու որոշ հարթակներու: Նոր, թէ աւանդական խաղերու ցուցադրութիւններ արձանագրուեցան եւ նկարահանուեցան: Քանի մը ամիսէն համացանցի վրայ պիտի դրուին կարճ տեսանիւթեր եւ թատերական դրուագներ:
  5. Երաժշտական ծրագրի մը ստեղծումը, ուր լեզուն ու երգը պիտի միահիւսուին: Առաջին արտադրութիւնը խտասալիկ մըն է, որ կը կոչուի «Տարոսիկ». անոր կ՚ընկերանայ խաղ մը: Արդէն արձանագրուած է եւ ի մօտոյ հրապարակ պիտի ելլէ: Երկրորդ խտասալիկի մը պատրաստութեան աշխատանքներն ալ ընթացքի մէջ են:
  6. Տարիքի տարբեր խաւերու համար՝ պատանեկան գրականութեան տարբեր լեզուներով գործերու արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է վաթսուն գիրքի հրատարակութիւնը՝ երեք տարուան ընթացքին: Գիրքերու ընտրութիւնը արդէն կատարուած է եւ խումբը այժմ կ՚աշխատի թարգմանութեան եւ հրատարակութեան գործերով զբաղելիք կառոյցին ստեղծման գծով:
  7. Համացանցային կայքէջի մը ստեղծումը, որ թոյլ պիտի տայ վերոնշեալ տուեալներն ու գործիքները բաժնել հանրութեան հետ, այդպէսով՝ ապահովելով նաեւ Սփիւռքի մշակութային դերակատարներուն միջեւ հաղորդակցութեան միջոց մը: Ներկայիս, կայքէջը պատրաստութեան ընթացքի մէջ կը գտնուի եւ բացումը կը նախատեսուի 2018-ի տարեմուտին:

Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան ներկայ գտնուեցաւ ամառնային աշխատանոցի փակման նիստին: Շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման եւ եղանակներու արդիականացման ի խնդիր այս գործընթացին մէջ իրենց տարած աշխատանքին եւ գործադրած ջանքերուն համար: “Արդէն կը ստանանք արդիւնքները”, ըսաւ ան, աւելցնելով. «Բոլորս մաս կը կազմենք շարժումի մը, որու նպատակն է ապագային ապահովել հայերէնի ծաղկումը որպէս թնդացող լեզու»:

Ամառնային դաստիարակչական աշխատանոցը կազմակերպուած եւ համակարգուած էր Անի Կարմիրեանի կողմէ, որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին մէջ Արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրերու պատասխանատուն է:

Թուականներ