մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով

Միջգիտակարգային գիտաժողով Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանին մէջ (USC), Լոս Անճելըս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը յայտարարէ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով» գիտաժողովին յայտագիրը։ Գիտաժողովը կազմակերպուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի «Dornsife» Հայագիտական Հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ. տեղի պիտի ունենայ 27 փետրուար – 1 մարտ 2026, Լոս Անճելըս, USC-ի «Taper Hall of Humanities» սրահին մէջ: Հայերէնը ինչպէ՞ս […]

Զարմանազան 2026

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ 10-րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» շրջանին մէջ՝ յուլիս 10-էն մինչեւ օգոստոս 5, 2026։ Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու. Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, որոնց շարքին են՝ տեսողական եւ […]

«Ուիքի ճամբար»ը Ֆրանսայի մէջ

Սփիւռքի երրորդ «Ուիքի Ճամբար»ը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ՝ Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքի «Ժիթ Ֆրանսուա է Սուզոն» երիտասարդական կայանին մէջ։ Ութը օրուան ընթացքին, մասնակիցները ո՛չ միայն զիրենք հետաքրքրող նիւթերու շուրջ արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու առիթը ունեցան, այլեւ ժամանակ յատկացուցին նկարչութեան, գրականութեան, նաեւ՝ պտտելու եւ խաղալու։ Միջին Արեւելքէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայի չորս ծագերէն ժամանած տարեկիցներու հանդիպեցան եւ մինչեւ […]

«Ուիքի ճամբար»ը Փորթուկալի մէջ

17-էն 26 Օգոստոս 2016 Սփիւռքի երկրորդ «Ուիքի Ճամբար»ը տեղի ունեցաւ Փորթուկալի մէջ՝ «Քատաւալ»  գիւղաքաղաքի երիտասարդական «Թեմփու տը աւենթուրա» կայանին մէջ։ Մասնակիցները ո՛չ միայն զիրենք հետաքրքրող նիւթերու շուրջ արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու առիթը ունեցան, այլեւ բազմաթիւ բացօթեայ մարզախաղերու մասնակցեցան։ Աւելին՝ Միջին Արեւելքէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայի չորս ծագերէն ժամանած նոր բարեկամներու հանդիպեցան եւ յիշատակելի օրեր անցուցին միասնաբար։ […]

«Ուիքի ճամբար»ը Լիբանանի մէջ

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի անդրանիկ ճամբարը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Զմմառու «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ: Տեղի ունեցան «Ուիքիփետիա»յի գործածութեան եղանակներու ուսուցում եւ խմբագրական աշխատանքներ: Աշխատանքներու կողքին մասնակիցները արուեստի եւ մարզախաղերու ճամբով ունեցան տարբեր գործունէութիւններ, պարեցին, երգեցին, խաղացին, ծանօթացան զանազան արուեստներու եւ ունեցան հետաքրքրական, ուրախ եւ օգտակար ժամանցի պահեր: «Ուիքի ճամբար»ի […]

«Ստեղծել աշխարհներ» աշխատանոցը Ֆիլատելֆիոյ մէջ

Ուս Հարթակի աշխատանքներու ծիրէն ներս, 2023ի 12-էն 18 Յունիսին, Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ստեղծել աշխարհներ» ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան աշխատանոցը։ Աշխատանոցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեանին ջանքերով եւ հովանաւորուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ։ Աշխատանոցին ծրագիրը կազմուած էր Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ […]

Շարժայի մէջ մանկավարժական աշխատանոց

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի ծրագիրներու ծիրէն ներս Արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժութեան շուրջ խտացեալ աշխատանոց մը կազմակերպուեցաւ Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանին մէջ, 2023ի 25 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու՝ Անի Կարմիրեանի ուղեկցութեամբ եւ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Վարդուկ Գարակիւլլէեանի կազմակերպութեամբ։ Շաբթուան ընթացքին, բոլոր ուսուցիչները շօշափեցին միօրեայ դպրոցներէ […]

Լիբանան այցելութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, 19-25 սեպտեմբեր 2023-ին այցելեց Լիբանան, ընկերակցութեամբ՝ արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու՝ Անի Կարմիրեանին։ Տեղւոյն անոնց միացաւ Լիբանանի ծրագիրներու պատասխանատու՝ Գայիանէ Մածունեան։ Այլ հանդիպումներու կողքին, այցելութեան նպատակներէն մէկն էր մասնակցիլ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին (LAU) համագործակցութեամբ իրագործուած ուսուցիչներու վերապատրաստութեան երկամեայ ծրագիրի աւարտական հանդիսութեան: Այս երկօրեայ ձեռնարկին […]

Զարմանազան 2024 – Միացեալ Նահանգներ

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը […]

Զարմանազան 2023

2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2023։ Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել։ Զարմանազանը այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. 10-էն […]