Հապա եթէ

«Հապա եթէ»-ն ստեղծարար մտածողութեան զարգացման ձեւերը արեւմտահայերէնով շաղող առցանց ծրագիր մըն է, ուր երկրագունդին չորս ծագերէն երեխաներ կը հանդիպին, միասին հայերէնով գծելու, խաղալու, մտածելու, կատակներ ընելու, իրենց արտադրութիւնները կիսելու եւ հայերէնը իբրեւ կենդանի լեզու վայելելու։ Հանդիպումները 50 վայրկեան տեւողութեամբ կը մատուցուին։ Ներկայիս ուղղուած են 8-էն 12 տարեկան երեխաներու։ «Հապա եթէ»ի աշխատանոցները նաեւ տեղի կրնան ունենալ տեղւոյն վրայ՝ դպրոցներէ, ճամբարներէ եւ մանկական ակումբներէ ներս, երեխաներու, եւ դաստիարակներու հետ միասին։ Աշխատանոցները հիմնուած են ստեղծարար վարժութիւններու վրայ, […]
Պուրակ

Պուրակը Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հարթակն է, ուր կարելի է գտնել տեսերիզներու միջոցաւ դասաւանդուող զանազան նիւթեր: Նախատեսուած է նախակրթարանի երեխաներուն համար։ Ներկայիս հրամցուած 12 նիւթերը ընդգրկուած են հինգ վերնագիրներու տակ՝ «Հայ լեզու», «Պատմութիւն», «Աշխարհագրութիւն», «Թուաբանութիւն» եւ «Գիտութիւն»։ հրամցուած նիւթերը արեւմտահայերէնով կը հրամցնեն յղացքներու բացատրութիւններ եւ անոնց համապատասխան վարժութիւններ։ Ծրագրի կայքէջին վրայ կը կարդանք […]
կիրակի

ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի՜․ դպրոց, տուն, եկեղեցի՜․ արամիկը շապիկ հագաւ, սարկաւագը ուրախացա՜ւ․ նունիկը պատարագը մտիկ ըրաւ, վարդապետը ուրախացա՜ւ․ պապա՜, պապա՜, տէր տէր պապա․ պապա՜, պապա՜, կաղանդ պապա․ պապա՜, պապա՜, հաճի պապա․ պապա՜, պապա՜, մե՜ծ պապա․ զանգակատունը հո՛ս է, գմբեթը ո՞ւր է․ արամիկը շապիկ կը հագնի եւ շարական կը սորվի․
գլխացաւը

օրիորդ նազիկը ըսաւ․ – ցա՛ւ, ցա՛ւ, գլխացա՛ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, արամիկը ուրախացա՜ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, նունիկը տխրեցա՜ւ․ օրիորդ նազիկը գնաց դեղարան․ դեղարա՜ն, դեղարա՜ն, դեղերը շարա՜ն շարան․
ճաշիկը եւ փորիկը

եկա՜ւ, եկա՜ւ, դգալը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է դանակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, դանակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պնակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պնակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պատառաքաղը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պատառաքաղը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է ճաշիկը»․ պնա՛կ, պնա՛կ, պարա՛պ պնակ․ պնա՛կ, պնա՛կ, լեցո՛ւն պնակ․ փորի՛կ, փորի՛կ, պարա՛պ փորիկ․ փորի՛կ, փորի՛կ, լեցո՛ւն փորիկ․ ուտե՜մ, ուտե՜մ, ի՞նչ […]
ձուկը եւ մուկը

տապա՛կ, տապա՛կ, ծա՛կ տապակ․ ծա՛կ տապակ, տակը կրա՛կ․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ մո՛ւկը, ձո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ ձո՛ւկը ուտեմ, մո՛ւկը նետեմ․ մո՛ւկը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․ մո՛ւկը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ․ ձո՛ւկը նետեմ, մո՛ւկը ուտեմ․ կրա՜կ, կրա՜կ, մաղ մա՜ղ կրակ․ կրա՜կ, կրա՜կ, հար հա՜ր կրակ․ գտի՛ր տապակը, վառէ՛ կրակը, տապկէ՛ հաւկիթը․
պապուկը եւ շողգամը

օր մը պապուկը պարտէզին մէջ ցանեց շողգամ մը․ շողգամը շո՛ւտ աճեցաւ, շա՜տ աճեցաւ, շատ շուտ աճեցաւ, պապուկը տեսաւ զարմացաւ․ պապուկը բռնեց շողգամը, հա՛ քաշեց, քաշքշեց, շողգամը հողէն չհանեց․ պապուկը կանչեց մամիկը․ մամիկը պապուկէն, պապուկը շողգամէն, հա՛ քաշեցին, քաշքշեցին, շողգամը հողէն չհանեցին․ մամիկը կանչեց արամիկը․ արամիկը մամիկէն, մամիկը պապուկէն, պապուկը շողգամէն, հա՛ քաշեցին, քաշքշեցին, շողգամը հողէն […]
երկարակլորախմորածակ

այն ի՞նչ է, ի՞նչ… երկար է, կլոր է, խմոր է, շա՜տ համով է… երկար ա կլոր ա խմոր ա ծակ․ եթէ պոչիկը հո՛ս է, գլուխը հո՛ն է․ եթէ գլուխը հո՛ս է, պոչիկը հո՛ն է․
կաթսային երգը

սմբուկը ըսաւ դդումին․ – դուն դդո՛ւմ ես․ դդումը ըսաւ պղպեղին․ – դուն կծո՛ւ ես․ պղպեղը ըսաւ լոլիկին․ – դուն համո՜վ ես․ սմբուկը եւ դդումը, պղպեղը եւ լոլիկը, մտան կաթսային մէջը․ սմբուկին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի․ կաթսային մէջ, լոլիկի ջուրով եփեցի․ ես անօթի, դուն անօթի, սմբուկը ինծի թէ քեզի․ դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի․ […]
պիկ պիկ

տա՛կ, տա՛կ, նապաստակ․ տա՛կ, տա՛կ, ապտակ․ տա՛կ, տա՛կ, կատակ․ պի՛կ, պի՛կ, կապիկ, երկա՜ր պոչիկ․ պի՛կ, պի՛կ, կապիկ, երկա՜ր պոչիկ, տաբատ շապիկ․ պի՛կ, պի՛կ, կապիկ, երկա՜ր պոչիկ, տաբատ շապիկ, կարմիր կօշիկ․ պի՛կ, պի՛կ, ամօ՛թ կապիկ, ո՞ւր է գօտիկ․