մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Կարմիր կանանչ կաղանդը

Անտառին մէջ եղեւին մը,
ճիւղին վրայ կարմրալանջ մը,
կտուցին
կարմիր, կանանչ կաղանդը…

Անտառին մէջ
եղեւինը, կարմրալանջը,
կարմիր, կանանչ կաղանդը…

Անտառին մէջ եղեւին մը,
ճիւղին վրայ փայտփորիկ մը,
կտուցով
թաքա թաքա թաք փչակը…

Անտառին մէջ
եղեւինը, կարմրալանջը, փայտփորիկը,
թաքա թաքա թաք,
կարմիր, կանանչ կաղանդը…

Անտառին մէջ եղեւին մը,
ճիւղին վրայ սկիւռիկ մը,
կաղինով եւ ընկոյզով
լեփ լեցուն փչակը…

Անտառին մէջ
եղեւինը, կարմրալանջը, փայտփորիկը, սկիւռիկը,
կաղինով եւ ընկոյզով
թաքա թաքա թաք,
կարմիր, կանանչ կաղանդը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Պարոն Նիկողոս

Մանկապատանեկան վիպակ

Ուս հարթակ

Ուսուցիչներու վերամշակման ձեռնարկ

Յուշամատեան

Բարի լոյս Պուրպատիկ