մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Ընկոյզի խաղ

Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները…
Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները…

Ընկոյզները ջարդեցի,
երկար թելէն անցուցի…

Թելին ծայրէն բռնեցի,
ռուպին մէջը
թաթխեցի, հանեցի,
շարա՜ն շարան, շարոցները կախեցի…

Թաց է, չոր է, թաց է, չոր է…
Թաց է, չոր է, թաց է, չոր է…

Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները…
Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները…

Ընկոյզները ջարդեցի,
երկար թելէն անցուցի…

Թելին ծայրէն բռնեցի,
ռուպին մէջը
թաթխեցի, հանեցի,
շարա՜ն, շարան շարոցները կախեցի,
բոլորի՜ն բաժնեցի…

Նոր տարի է, նոր տարի՜…
Շարա՜ն, շարան շարոցներով
շնորհաւոր նոր տարի՜…

Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները…
Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան

Միտք եւ արուեստ

Գրական եւ վերլուծական յօդուածներու ժողովածու

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն