մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հտպիտը

Կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ…
Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ,
մէջէն ելաւ նապաստակ…
Ծակ գլխարկէն՝ նապաստակ…

Կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ…
Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ,
մէջէն ելաւ կարկանդակ…
Ծակ գլխարկէն՝
նապաստակ, կարկանդակ…

Կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ…
Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ,
մէջէն ելաւ չորս ջութակ…
Ծակ գլխարկէն՝
նապաստակ, կարկանդակ,
չորս ջութակ…

Կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ…
Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ,
մէջէն ելաւ թաւ ջութակ…
Ծակ գլխարկէն՝
նապաստակ, կարկանդակ,
չորս ջութակ, թաւ ջութակ…

Կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ…
Կարմիր քիթ, ծակ գլխարկ,
մէջէն ելաւ բամբ ջութակ…
Ծակ գլխարկէն՝
նապաստակ, կարկանդակ,
չորս ջութակ, թաւ ջութակ, բամբ ջութակ…

Կէս կատակ, կէս շիտակ,
հտպիտ մըն եմ խեղկատակ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայկական համացանցային համալսարան

Առցանց դասերու հարթակ

Իրագիտութիւն

Գիտական դասագիրքերու շարք

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ

Ծափ ծափիկ

Մանկավարժական երաժշտութեան ծրագիր