զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Բնագիր՝ Chronicles of Narnia (անգլերէն)
    Հեղինակ՝ Ք. Ս. Լուիս

    Թարգմանութիւն՝ Քրիստիան Բադիկեան (Հատոր 1)
    
Նանոր Միքայէլեան (Հատորներ 2-7)

    Հրատարակիչ՝ Ռոսլին
    Հրատարակութեան թուական` 2018

    Նարնիայի Քրոնիկները
    Պատանեկան վիպաշարք
    *«-Ողջո՜յն, Ասլան,- լսուեցաւ Ճռճռիկին զիլ ձայնը,-ես պատիւը ունիմ...,- բայց յանկարծ կանգ առաւ։ Ուրեմն խոնարհած ատեն մուկը անդրադարձաւ, որ պոչը չկար,

    «-Ողջո՜յն, Ասլան,- լսուեցաւ Ճռճռիկին զիլ ձայնը,-ես պատիւը ունիմ...,- բայց յանկարծ կանգ առաւ։
    Ուրեմն խոնարհած ատեն մուկը անդրադարձաւ, որ պոչը չկար, ինչ որ հաւանաբար ազդած էր նաեւ հաւասարակշռութեան վրայ։ Երբ աջ ուսին վրայէն ետեւ նայեցաւ, ու պոչը չտեսաւ, վիզը ամբողջ ուժով ետ դարձուց, մինչեւ ուսերն ալ դարձան, յետոյ ամբողջ մարմինը, եւ անշուշտ բան չկրցաւ տեսնել։ Յետոյ վիզը նորէն դարձուց ու նորէն արդիւնքի չհասաւ։ Միայն երեք անգամ կլոր-կլոր դառնալէ ետք, ան հասկցաւ դաժան իրականութիւնը։
    -Ես նեղուած եմ,- Ճռճռիկը ըսաւ Ասլանին,- կերպարանքս լրիւ փոխուած է։ Ձեր ներողամտութիւնը կը հայցեմ այս այլանդակ տեսքով ձեր դիմաց կանգնելու համար։
    -Շատ ալ վայելած է, պճլիկ,- ըսաւ Ասլան։
    -Տէր իմ,- ըսաւ մուկը,- ես առանց պոչիս կրնամ ուտել, քնանալ ու թագաւորիս համար մեռնիլ, բայց պոչը մուկի մը փառքն ու պատիւն է։
    -Սիրելի ընկեր, երբեմն կը խորհիմ, որ արդեօք շատ չե՞ս մտածեր պատիւիդ մասին,- ըսաւ Ասլան։
    -Փառահեղ թագաւորներուն ամենափառահեղը,- ըսաւ Ճռճռիկ,- թոյլ տուէք ձեզի յիշեցնել, որ մենք՝ մուկերս, չափով շատ փոքր ենք, եւ եթէ մեր պատիւը չպահենք, կարգ մը արարածներ (որոնք մէկուն արժէքը հասակով կը չափեն) իրենք իրենց իրաւունք պիտի վերապահեն շատ անհամ կատակներ ընել մեզի հետ։
    -Ինչո՞ւ բոլոր ընկերներդ իրենց սուրերը քաշած կանգնած են, կրնա՞մ հասկնալ,- հարց տուաւ Ասլան։
    -Յուսանք ձերդ վսեմութիւնը գոհ կը մնայ,- ըսաւ երկրորդ մուկը, որ Ճլվլիկ կը կոչուէր,- մենք բոլորս պատրատ ենք մեր պոչերը կտրել, եթէ մեր ղեկավարը առանց պոչի պիտի մնայ։ Մենք չենք ուզեր ամօթալի կերպով վայելել այն պատիւը, որմէ զրկուած է Փառահեղ Մուկը։
    -Ա՜,- ըսաւ Ասլան,- դուք ինծի յաղթեցիք։ Դուք մեծ սիրտ ունիք։
    Ուրեմն, ո՛չ թէ յանուն քու պատիւիդ, Ճռճռիկ, այլ յանուն այն սիրոյն, որ կայ քու եւ ժողովուրդիդ միջեւ, աւելին՝ նաեւ այն բարութեան համար, որ ժամանակին ձեր ժողովուրդը ցուցաբերեց ինծի հանդէպ, պոչ մը պիտի ունենաս կրկին։»

    Ք. Ս. Լուիսի արկածախնդրական այս շարքին մէջ պիտի տեսնենք, որ բարին ու չարը ամէն տեղ են, նոյնիսկ` մե՛ր մէջ, իսկ այդ երկուքին միջեւ կայ թափանցիկ ու շատ բարակ թել մը:

    Դասական շարքը կը ներկայացնէ աշխարհ մը, ուր կան աներեւակայելի գեղեցիկ պալատներ, ոսկեայ խնձորներով ծառեր ու հաւատարիմ ընկերներ, որոնք անձնազոհութեամբ կը հասնին օգնութեան, պատերազմելու` չարագործներու, յոխորտացողներու ու բռնակալներու դէմ։

    Նարնիայի Քրոնիկները հասանելի են տպագիր եւ թուային տարբերակներով։ Թուային տարբերակը տրամադրելի է Վլիւմ թուային գրադարանէն։

    • Ա. Հատոր` «Առիւծը, վհուկը եւ հանդերձարանը», 180 էջ

    • Բ. Հատոր` «Քասպիան իշխանը», 216 էջ

    • Գ. Հատոր` «Արշալոյսի տիրակալի ճամբորդութիւնը», 238 էջ

    • Դ. Հատոր` «Արծաթեայ աթոռը», 224 էջ

    • Ե. Հատոր` «Ձին եւ իր տղան», 208 էջ
    • Զ. Հատոր` «Աճպարարին քրոջ որդին», 192 էջ
    • Է. Հատոր` «Վերջին մարտը», 194 էջ