զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան
    Էջերու քանակ՝ 596
    Հրատարակիչ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն», Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ
    Հրատարակութեան թուական` 2015

    Կրկնագիր մարդը
    Վէպ
    *Նման աշխատանք է իմս։ Ան կը վերաբերի շատ աւելի հին կորուստի մը, որմէ մնացած են բարեբախտաբար բաւականաչափ փաստեր, արխիւային գրուած նիւթեր ըկկան ատոնք

    Նման աշխատանք է իմս։ Ան կը վերաբերի շատ աւելի հին կորուստի մը, որմէ մնացած են բարեբախտաբար բաւականաչափ փաստեր, արխիւային գրուած նիւթեր ըկկան ատոնք թէ քարակոփ յուշարձաններ։ Այս կորուստը հետեւանքն է իր նախադէպը չունեցած նուաճողական քաղաքականութեան մը, որ ԺԵ-ԺԶ. դարերուն՝ Եւրոպան նետեք դէպի այն ատն անուն չունեցող արեւմտեան ցամաքամաը։ Շնորհիւ իր մետաղին ու վառօդին, իրականացուց գրաւումը։ Անլուծելի, անվերլուծլի չքրիք Դէպքին ուսումնասիրութիւնը սկսած է վաղուց։ Ամբարուած է հսկայական նիւթ։ Եւ սակայն ոչ ոք յաջողած է բանալ պատկերանշաններու գաղտնիքը։ Այս է եղած հիմնական թեման իմ աշխատասիրութեանս, տարիրնեէ ի վեր։ (էջ 9)

    Գիրգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» վիպաշարքին 8րդ միաւորն է այս մէկը։ Հին Ազթեքներու մասնագէտ, տարիներէ ի վեր անոնց նշանագրերը եւ պատկերագրութիւնը վերծանելու գործին լծուած ազգագրագէտ գիտուն մը (որ սակայն նոյն այդ Ազթեքներուն եւ անոնց անհետացած լեզուին ժառանգորդը կը նկատէ ինքզինք) կ՚ուզէ իր ինքնակենսագրութիւնը գրել կամ գրել տալ։ Այդ ընելու համար՝ կը դիմէ պատմասանին, որ լրագրական մարզին հետեւող ուսանող մըն է։ Վերջինս պիտի գրէ ազգագրագէտին կենսագրութիւնը, անշուշտ ո՛չ թէ երրորդ դէմքով եւ վաղակատարով, այլ՝ առաջին դէմքով եւ անցեալ կատարեալով, ինչ որ կը նշանակէ թէ կենսագրութիւնը պիտի ըլլայ իրապէս ինքնակենսագրութիւն։ Առիթ մըն է նաեւ մտորելու Երանելի Կորիւնին վերագրուած ու Վարք Մաշտոցի վերնագրով ծանօթ կենսագրութեան մասին։

    1/2